2011-06-16 12:59:10

Ռացինկեր Մրցանակը Շնորհուած Է Երեք Աստուածաբաններու։


30 յունիսին Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը առաջին անգամուան համար ՜՜Ռացինկեր՝՝ մրցանակը պիտի շնորհէ երեք աստուածաբաններու` գերմանցի կրօնաւոր Հէյմին, սպանացի քահանայ տէ Գարտետալին եւ աշխարհական իտալացի Սիմոնէթթիին։ Այս երեքը ընտրուեցան Ժոզէֆ Ռացինկեր վատիկանեան հիմնարկի գիտական կոմիտէէն, որուն նախագահն է կարտինալ Ռուինի։ Վերոյիշեալ երեք աստուածաբանները 30 յունիսին պիտի ստանան իրենց մրցանակը, որ է վկայագիր մը եւ 50 հազար էուրօ։








All the contents on this site are copyrighted ©.