2011-06-16 13:00:35

Պէյրութի Հայ Կաթողիկէ Մեսրոպեան Բարձրագոյն Վարժարանի Մանկապարտէզի Տարեվերջի Հանդէսը։


Շաբաթ, 11 Յունիսին ( 2011) Հայ Կաթողիկէ Մեսրոպեան Բարձրագոյն վարժարանի շրջափակին մէջ, աւելի քան 900 ներկաներու առջեւ մանկապարտէզին հրաժեշտի հանդէսով ներկայացան Ծաղիկ դասարանի 67 աշակերտներ՝ Բողբոջ եւ Կոկոն դասարանցիներուն հետ միասնաբար։
Օրուան յայտագիրը մեկնարկեց աշակերտներուն բեմ մուտքով եւ Լիբանանի, Հայաստանի եւ Մեսրոպեան վարժարանի քայլերներու կատարումով։
Այս առթիւ խօսք առաւ վարժարանի տնօրէնը՝ Պր Կրէկուար Գալուստ, որ շնորահակալութիւն յայտնեց ծնողներուն , Մեսրոպեան կրթօճախին հանդէպ իրենց ունեցած վստահութեան համար, ապա նշեց ըսելով.՜՜ Մենք ամէն ինչ ըրած ենք եւ դեռ պիտի ընենք, աւելին, բարձրացնելու համար մեր վարժարանի ընդհանուր մակարդակը։ Այդ մէկուն պիտի հասնինք միասնաբար՝ ձեռք-ձեռքի տուած։ Եւ այդ մէկը պիտի սկսինք դպրոցի հիմնաքարէն՝ մանկապարտէզէն՝՝։
ապա տեղի ունեցաւ վկայականներու բաշխման հանդիսաւոր արարողութիւնը, որուն յաջորդեց գեղեցիկ պատրաստուած գեղարուեստական յայտագիրը, կատարողութեամբ մանկապարտէզի Բողբոջ, Կոկոն եւ Ծաղիկ դասարաններու աշակերտութեան։
Հանդէսի եզրափակումին խօսք առաւ մանկապարտիզպանուհի՝ Տիկ Մարիա Պէօճէքեան, որ յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր անոնց, որոնք տարբեր ձեւերով օժանդակած էին այս հանդէսի պատրաստման աշխատանքներուն։ Ան նաեւ գեղեցիկ ծաղկեփունջերով պատուեց մանկապարտէզի ուսուցչուհիները ամբողջ տարւոյն իրենց տարած քրտնաջան աշխատանքին դիմաց յայտնելով իր երախտագիտութեան զգացումները։








All the contents on this site are copyrighted ©.