2011-06-16 13:00:51

Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսին Նոր Բանաձեւեր Պիտի Ներկայացուին։


Հայոց Ցեղասպանութեան բանաձեւը (զոր ներկայացուցած են քոնկրեսականներ Ռոպըրթ Տոլտ եւ Էտըմ Շիֆ) Միացեալ Նահանգներու նախագահին կոչ կ՛ուղղէ ճանչնալու Հայոց Ցեղասպանութիւնը եւ Միացեալ Նահանգներու կառավարութիւնը կը քաջալերէ` այս ողբերգական իրադարձութիւններէն դասեր քաղելով կանխարգիլելու մարդկութեան նկատմամբ իրականացուելիք հետագայ յանցագործութիւնները:

Բանաձեւը համահունչ է Քոնկրեսի նախորդ նստաշրջանին Ներկայացուցիչներու Տան արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբին մէջ որդեգրուած Հայոց Ցեղասպանութեան վերաբերող թիւ 252 բանաձեւին: Այսպիսի բանաձեւեր վերջին 11 տարիներու ընթացքին չորս անգամ որդեգրուած են արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբին մէջ: Սակայն վերջնական ճանաչման համար բանաձեւը պէտք է դրուի Ներկայացուցիչներու Տան լիագումար նիստի քուէարկութեան:
«Շնորհակալութիւն կը յայտնենք քոնկրեսականներ Ռոյսին, Պըրմընին, Տոլտին եւ Շիֆին` Հայոց Ցեղասպանութեան ճշմարտացի եւ արդար բանաձեւը յառաջ տանելու հոլովոյթը ուղղորդելու համար»(ըսած է Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի ղեկավար Քեն Խաչիկեան) :








All the contents on this site are copyrighted ©.