2011-06-15 12:44:51

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետին Չորեքշաբթի Օրուայ Հրապարակային Ունկնդրութիւնը։
՜՜Մարգարէներու դերը Հին Կտակարանին մէջ՝՝ նիւթին մասին ։


Չորեքշաբթի 14 յունիս 2011, Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը ընդհանուր ունկնդրութիւն շնորհեց իտալացի եւ օտարազգի տասնեակ հազարաւոր ուխտաւորներուն, խմբուած Ս. Պետրոսի հրապարակը։
Շարունակելով իր խորհրդածութիւնը աղօթքի նշանակութեան մասին, Նորին Սրբութիւնը այսօր բացայայտեց Հին Կտակարանի մարգարէներու դերը Աստուծոյ ընտրեալ ժողովուրդին մօտ եւ մասնաւորապէս խօսեցաւ Եղիա մարգարէին մասին։
Սիրեցեալ եղբայրներ ու քոյրեր,ըսաւ Նորին Սրբութիւնը,
Հին Իսրայէլի կրօնական պատմութեան մէջ, մարգարէները իրենց ուսուցումով ու քարոզութեամբ մեծ դեր ունեցած են։ Այս մարգարէներու մէջ յատուկ տեղ կը գրաւէ Եղիա մարգարէն, զոր Աստուած կանչեց որպէսզի ընտրեալ ժողովուրդը ապաշխարէ ու ճանչնայ Տէր Աստուածը որպէս միակ Աստուած։
Ս. Գիրքը մեզի ցոյց կու տայ որ Եղիա մարգարէն յաճախ իր աղօթքը կը բարձրացնէ առ Աստուած։ Եղիա ցոյց կու տայ բարեխօսի իր զօրութիւնը մինչ կը գտնուի Կարմէլ լերան վրայ, ուր յաչս Իսրայէլի՝ իր աղօթքը կը բարձրացնէ առ Աստուած որպէսզի Տէրը ցոյց տայ իր զօրութիւնը ու դարձի բերէ ժողովուրդին սիրտը։
Եղիան Տիրոջմէ կը խնդրէ որ ժողովուրդը ճշմարտապէս ճանչնայ ՜՜ով է իր Աստուածը՝՝ որպէսզի վճռական ընտրութիւն կատարէ ու հետեւի իր օրէնքին եւ այսպէսով բոլոր սրտով իր հաւատքը դաւանի։
Պաալի մարգարէներուն առջեւ, որ կը շարժէին իրենց չաստուածներուն դիմաց, Եղիա կը հրաւիրէ ընտրեալ ժողովուրդը որ իրեն միանայ առ Աստուած բարձրացուցած աղօթքներուն ու պաղատանքներուն, Իրմէ խնդրելով որ իրնքզինք յայտնէ ու դարձի բերէ Իսրայէլը ու հեռացնէ զանոնք չաստուածներու խաբէութիւններէն ու զանոնք փրկէ։
Այս խորհրդածութեան աւարտին, Նորին Սրբութիւնը զանազան բարբառներով ողջունեց ներկաները ըսելով. ՜՜ այս օրերուն կը տնօնեք Պենետեկոստէն` Հոգեգալուստը թող Սուրբ Հոգին ձեզի շնորհէ գիտութիւնը, ճանչնալու՝ Աստուծոյ գթութիւնն ու ողորմութիւնը, եւ միշտ պատրաստ՝ օգնութեան հասնելու մեր տկարութիւններուն՝՝։
Հուսկ Նորին Սրբութիւնը հայրական խօսք մը ուղղեց երիտասարդներուն, հիւանդներու ու նորապսակեալներուն հրաւիրելով զանոնք որ պահ մը կանգ առնեն ու խորհրդածեն աստուածային սիրոյ խորհուրդին վրայ։
Իսկ այժմ ձեզի լսելի կ'ընենք Սրբազան քահանայապետին տուած առաքելական օրհնութիւնը։








All the contents on this site are copyrighted ©.