2011-06-15 12:47:22

Հարաւային Սուտանի Համամիութենական Հաւաքի Կոչը։


Յառաջիկայ 9 յուլիսին ծնունդ կ՛առնէ Հարաւային Սուտանը` ափրիկէի 54-րդ հանրապետութիւնը ։ Սակայն այս օրերուն մարդկային նոր տագնապ մը կը սպառնայ այդ շրջանը ։ Սուտանի համամիութենական հաւաքը` որ Սուտանի քրիսոնեայ եկեղեցիներու խաղաղութեան ի նպաստ կազմակերպութիւն մըն է, կոչ ուղղած է միջազգային հասարակութեան, շուտափոյթ միջամտութեան մը համար, վերջ դնելու՝ անպաշպան քաղաքացիներու դէմ մղուած բռնութիւններուն։
ՄԱԿի տեղեկագիրին համաձայն 40 հազար սուտանցիներ, Հիւսիսային Սուտանի “Sudan Armed Forces” բանակի, եւ հարաւային “Sudan People’s Liberation Army” խմբակի միջեւ բախումներու պատճառաւ՝ հեռացած են իրենց ապրած վայրերէն, իսկ ուրիշ շատեր ապստանած՝ կը մնան իրենց տուներուն մէջ առանց հաց ու ջուրի։
Ըստ համամիութենական հաւաքի յայտարարութեան, Հիւսիսային Սուտանի բանակի զինուորները, տունէ տուն մտնելով կը խուզարկեն ու կը սպաննեն իրենց համար կասկածելի անձերը։ Հարաւային Sudan People’s Liberation Army” խմբակը, նոյնպէս ամբաստանուած է՝ բռնութիւններու դիմելու յանձանքով, ու անկարող նկատուած է ապահովելու բնակչութեան պաշտպանութիւնը ։
Մակի Միջազգային ապահովութեան խորհուրդը պէտք է ամէն ջանք թափէ անմիջական որոշումներ առնելու՝ վերջ տալու համար բռնութիւններուն եւ ապահելու բնակչութեան անվտանգութիւնը, եւ մարդասիրական օգնութիւնը - կը գրէ Հարաւային Սուտանի համամիութենական հաւաքը իր կոչին մէջ - ու կ՛աւելցնէ իբրեւ առաջին քայլ հարկ է ձգտիլ քաղաքական եւ զինուորական ընդհարումներու խաղաղ լուծումի` դէմ դիմաց դնելով երկու կողմերը։








All the contents on this site are copyrighted ©.