2011-06-15 12:19:11

 ԷՋ ՄԸ ՀԱՅ ԳՐԱԿԱՆՈՒԹԵՆԷՆ։
ՅԱԿՈԲ ՊԱՐՈՆԵԱՆ (1843-1891).


 120 տարի առաջ,Յունիս 8ին, կը վախճանէր հայկական երգիծանքի նահապետը ու անհասանելի գագաթը,անմահ՝ Յակոբ Պարոնեանը։

Ապաժամ եւ դժբախտ վախճան մը ունեցաւ Յակոբ Պարոնեան։ Հիւծախտով անբուժելի հիւանդացած, ծայր աստիճան չքաւորութեան մատնուած, կնոջ եւ երկու որդիներուն հետ լքուած բոլորէն, հիւանդանոցի մը մոռցուած անկիւնը առյաւէտ փակեց այնքան սրատես ու խորաթափանց իր աչքերը։ Բայց միայն մարմնապէս հեռացաւ հայ իրականութենէն Յակոբ Պարոնեան, որովհետեւ կարճատեւ իր կեանքով իսկ կրցաւ նուաճել անմահութեան արժանի գրական հարստութիւն մը եւ մնայուն տեղ գրաւել հայ ժողովուրդի սրտին ու մտքին մէջ։

Իր ապրած ժամանակաշրջանին՝ 1870ական եւ 1880ական թուականներու հայ իրականութեան իրա՛ւ հայելին եղաւ Յակոբ Պարոնեան։ .

2 Նոյեմբեր 1843ին Ադրիանուպոլիս (Էտիրնէ) ծնած, Յակոբ Պարոնեան յատուկ ուսում չունեցաւ։ Աւարտեց իր ծննդավայրի Արշակունեան Վարժարանը, ուր աշակերտեց Պօղոս վարժապետին՝ հետագայի Ներսէս Վարժապետեան Պատրիարքին։ 1857ին ընդունուեցաւ տեղւոյն յունական դպրոցը, բայց տարի մը ետք՝ իր իսկ խոստովանութեամբ հազիւ ՝՝յունարէնի դժուարութիւնը՝՝ սորված, վերջ տուաւ ուսումնական կեանքին ու նետուեցաւ աշխատանքի ասպարէզ։ 1863ին տեղափոխուեցաւ Պոլիս եւ ապրուստը ապահովելու համար բախտը փորձեց տարբեր ասպարէզներու մէջ՝ ինքնազարգացման կարեւոր տեղ տալով եւ ժամանակ յատկացնելով։ Եղաւ հեռագրատան պաշտօնեայ, զբաղեցաւ հաշուապահութեամբ ու գրագրութեամբ, կարճ ժամանակի համար Պոլսոյ Հայոց Պատրիարքարանի պաշտօնեայ դարձաւ, նաեւ ուսուցչութիւն ըրաւ։ Բայց ոչ մէկ գործի փարեցաւ այն բաւարարութեամբ, որ տաւ մամուլին ու հրապարակախօսութեան մէջ։

1872-ին սկսաւ Պարոնեանի հրապարակարական գործունէութեան առաջին շրջանը, երբ երգիծական ՝՝Մեղու՝՝ թերթի արտօնատէր Յ. Սվաճեան իր երբեմնի աշխատակիցին՝ Յակոբ Պարոնեանի վստահեցաւ թերթին խմբագրութիւնը։ 1874ին, օսմանեան գրաքննութեան հետ իր առաջին դժուարութիւնը դիմագրաւելով, Պարոնեան իր խմբագրութեան յանձնուած թերթին ՝՝Մեղու՝՝ անունը փոխարինեց ՝՝Թատրոն՝՝ով, որուն հրատարակութեան երեք տարիները (մինչեւ 1877) զուգադիպեցան ռուս-թրքական պատերազմին եւ նուիրագործեցին Պարոնեանի տաղանդը քաղաքական երգիծանքի մարզին մէջ։

1878-ին, նիւթական դժուարութեանց հետեւանքով, Պարոնեան դադրեցուց ՝՝Թատրոն՝՝ի հրատարակութիւնը, բայց շարունակեց մշակել երգիծական նոր գործեր, որոնք լոյս տեսան ատենի հայ մամուլի էջերուն կամ առանձին պրակներով։ Մինչեւ 1884 երկարած այդ շրջանի կարեւորագոյն գործերէն եղան ՝՝Պտոյտ մը Պոլսոյ թաղերուն մէջ՝՝ եւ ՝՝Ծիծաղ՝՝ գործերը, որոնք Պոլսոյ հայ կեանքի երգիծական քննադատութեան կողքին՝ քաղաքական բուռն խարանումի ենթարկեցին, այլաբանական պատկերներով, օսմանեան իշխանութեանց հակահայ քայլերն ու ճնշումները։

1884-էն մինչեւ 1888, Պարոնեան ձեռնարկեց ՝՝Խիկար՝՝ երգիծաթերթի հրատարակութեան։ Համիտեան բռնակալութեան պայմաններուն մէջ, գրաքննութեան հետ ամէնօրեայ առճակատումէն խուսափելով, Պարոնեան իր երգիծանքին լուսարձակները կեդրոնացուց հայ կեանքի ընկերային յոռի բարքերուն, անհատական եւ ընտանեկան բարոյականի անկումին եւ ազգային առողջ բնազդներու խաթարման վրայ։

Հիւծախտը իր աւերը գործեց եւ, 1891-ի Յունիս 8ին, Հայու Երգիծական Հանճարին անկրկնելի մարմնաւորումը՝ Յակոբ Պարոնեան առյաւէտ փակեց իր աչքերը, սերունդներուն ժառանգ ձգելով իր սրատես ու խորաթափանց հայեացքով շնչաւորուած անկորնչելի ճշմարտութիւններ։ Մարմինը ամփոփուած է Պոլսոյ Օրթագիւղի Գերեզմանատունը,







All the contents on this site are copyrighted ©.