2011-06-15 12:48:39

14 Յունիսին, տեղի ունեցաւ «Սփիւռքի կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներու եւ համայնքներու ղեկավարներու համահայկական համաժողով»ի կազմակերպիչ կոմիտէի նիստը:


 Համահայկական Համաժողովը նուիրուած է հայրենիք-սփիւռք գործակցութեան հեռանկարներուն, այդ գործակցութեան սերտացման կառուցակարգերու կատարելագործման, աշխատանքի նոր հաւանական ձեւերու եւ միջոցներու փնտռտուքին:
Համաժողովի կազմակերպիչ կոմիտէի նախագահը Հայաստանի սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեանն է, անդամներն են Հայաստանի արտաքին գործոց, կրթութեան եւ գիտութեան, մշակոյթի նախարարութիւններու, Հայաստանի ոստիկանութեան, Հայաստանի քաղաքացիական օդանաւորդութեան գլխաւոր վարչութեան ներկայացուցիչները, ինչպէս նաեւ սփիւռքի մէջ գործող կառոյցներու, կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչները:
Քննարկուեցան համաժողովին առաջնահերթութիւնները, որոնք կը վերաբերին ամբողջ հայ ժողովուրդի խնդիրներուն, միասնականութեան եւ համազգային հիմնահարցերուն (Լեռնային Ղարաբաղի հիմնահարցի խաղաղ լուծում, Հայոց ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչում եւ դատապարտում, սփիւռքի մէջ ձուլումի դէմ պայքար (կրթութիւն, մշակոյթ, ընտանիք, լեզու), հայ եկեղեցւոյ դերի բարձրացում եւ հայութեան համախմբում ու անվտանգութեան ապահովում), ինչպէս նաեւ համաժողովի կազմակերպչական հարցերը:
Համաժողովը տեղի պիտի ունենայ 19-20 սեպտեմբերին` Հայաստանի սփիւռքի նախարարութեան նախաձեռնութեամբ:







All the contents on this site are copyrighted ©.