2011-06-14 13:02:13

Քարլ Պիլտդ Հայաստանի Մէջ։


13-14 յունիսին Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեանի հրաւէրով Երեւան պաշտօնական այցելութիւն կուտայ Շուէտի արտաքին գործոց նախարար Քարլ Պիլտթ:
Այցելութեան ընթացքին Պիլտթ հանդիպումներ կ՝ունենայ նախագահ Սերժ Սարգսեանի եւ արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեանի հետ:
Այցելութեան ընթացքին կը քննարկուին հայ-շուէտական համագործակցութեան հետագայ ընդլայնման վերաբերող հարցեր, Հայաստան – Եւրոպական Միութիւն յարաբերութիւններու վերջին զարգացումները եւ ընկերակցութեան համաձայնագիրի բանակցութեանց ներկայ փուլը, ինչպէս նաեւ շրջանային եւ միջազգային խնդիրներու հայող քննարկումներ։:







All the contents on this site are copyrighted ©.