2011-06-14 12:42:39

Մատրիտի 2011-ի Երիտասարդներու Համաշխարհային օրուան Կը Նախատեսուի 20 Կաթողիկէ- Հրեաներու Մասնակցութիւնը


Յառաջիկայ 16-21 օգոստոսին, Մատրիտի մէջ կայանալիք՝ 2011-ի Երիտասարդներու համաշխարհային օրուան, տասնեակ հազարաւոր երիտասարդներու շարքին, պիտի մասնակցին նաեւ ծագումով հրեայ 20 Կաթողիկէ իսրայելցի երիտասարդներ։ Ըստ երիտասարդներու խումբի պատասխանատու՝ իտալացի գիտնական Պենետէթթօ Տի Պիթոնթոյի յայտարարութեան, 20 երիտասարդները լրջօրէն կը պատրաստուին այս հանդիպումին ու իրենց խմբակը անուանած են <<անապատի ծաղիկ>>։ Այս փորձառութիւնը պիտի օգնէ մեզի ամրապնդելու մեր հաւատքը եւ աւելիով ըմբռնելու մեր ներակայութիւնը Տիեզերական եկեղեցւոյ մէջ, ըսած է Պենետէթթօ Տի Պիթոնթոն։
Նշենք որ 2011-ի Երիտասարդներու համաշխարհային օրուան իրենց մասնակցութիւնը կր բերեն նաեւ՝ հայաստանէն 65 հոգիէ բաղկացած, զանազան քաղաքներէ եւ գիւղերէ` երիտասարդ - երիտասարդուհիներու խումբ մը։








All the contents on this site are copyrighted ©.