2011-06-14 12:42:30

Գերմանիոյ Եպիսկոպոսները Իրաքը Կ՛այցելեն


13 - 18 յունիս, Գերմանացի եպիսկոպոսաց համահաւաք դասէն խումբ մը եպիսկոպոսներ, առաջնորդութեամբ՝ Պամպերկի Արքեպիսկոպոս գերապայծառ Լուտվիկ Սգիգի, կ՛այցելեն Իրաքը՝ ուր պիտի հանդիպում պիտի ունենան տեղւոյն Քրիտոնեաներուն հետ , զօրակցութիւն յայտնելու նպատակով Իրաքի տառապեալ Քրիտոնեայ հասարակութեան։ Գերմանիոյ Եկեղեցին ի տես քրիտոնեաներու ապրած դժուրութիւններուն եւ տառապանքներուն, կ՛ուզէ զօրակցութիւն եւ քաջալերանք յայտնել ու աջակցիլ տեղւոյն եկեղեցական կառոյցներուն, շօշափելի եւ ազդու օգնութիւն ապահովցնելու համար։ Եպիսկոպոսներու պատուիրակութիւնը առիթը կ՛ունենայ հանդիպելու նաեւ Իսլամ կրօնապետերու հետ, մօտէն տեղեկութիւններ քաղելու Իսլամ - քրիստոնեայ երկխօսութեան առընչութեամբ։








All the contents on this site are copyrighted ©.