2011-06-13 12:02:07

Լուիճի Անտրիզքի Երանացումը։


Այսօր, 13 Յունիս,Գերմանիոյ Տրէստա քաղաքին մէջ տեղի ունեցաւ, ծագումով Սերպ, գերմանացի թեմական քահանայ,մարտիրոս Լուճի Անտրիցքի-ի Երանացման արարողութիւնը,ի ներկայութեան կարտինալ Անճէլօ Ամաթոյի Կառավարիչը Սուրբերու Դատի Ժողովին եւ Ներկայացուցիչը Սրբազան Հօր Պենետիկտոս ԺԶ.ի։
Լուիճի Անտրիցքի,աւազանի անունով Ալօիզ կը ծնի Ռատիպօր 1914ին ,դասատու երկու ծնողներէ։ Ինքը եւ իր երկու եղբայրները հետեւած են Աստուածաբանութեան ուսմանց եւ ինք ու իր մէկ եղբայրը ապա քահանայ ձեռնադրուած են։ Բատերպորնի համալսարանին մէջ 1934էն-1937 աստուածաբանութեան եւ փիլիսոփայութեան ուսումները կը կատարէ ,դառնալով բանբերը համալսարանի Սերպ ուսանողներու ,եւ խմբագիրը համալսարանական թերթին։
Ըշմօքթիզ-ի Դպրեվանքը յաճախելէ ետք քահանայ ձեռնադրուեցաւ 1939-ին Պաութզէն-ի Սուրբ Պետրոս Աթոռանիստ Եկեղեցիին մէջ ,անուանուելով ապա պատասխանատու՝երիտասարդներու հովուութեան ,մատրանապետ Տրեստա-ի Կաթողիկէ Եկեղեցիին եւ Ղեկավար Եկեղեցւոյ Մանուկներու Երգչախումբին։ Երիտասարդները կը հիանային անոր ուղղամտութեան եւ մարզասէր ոգիին ։ Բայց իր անհոգութիւնը երկրի ազգային-ընկերվարական վարչակարգի նկատմամբ ուշադրութիւնը գրաւած էր պետական անձնաւորութիւններու ։
Կէսթաբօն արդարեւ չուշացաւ Հայր Լուճին հարցաքննութեան ենթարկելէ։ 21 Յունուար 1941-ին ձերբակալուեցաւ ՝՝ Պետութեան ու Կուսակցութեան նկատմամբ կեղծաւոր ըլլալու յանձանքով՝՝,եւ փոխադրուեցաւ Տախաուի տխրահռչակ կեդրոնացման ճամբարը։ ճամբար փոխադրութեան ընթացքին ծանօթացաւ այլ կրօնաւորի մը ,Բենտիկտեան հայր Մաուրուս Տի Թրէվիրի-ի ,անոնք իրարու խոստացան որ ՝՝երբէք պիտի չըդժգոհէին իրենց կացութենէն եւ երբէք պիտի չմոռնային իրենց քահանայական կոչումը՝՝ ։
Կեդրոնացման ճամբարին մէջ Հայր Լուճի այլ քահանաներու հետ սերտողութեան ակումբ մը կազմեց ,յորում շաբաթը երեք անգամ տեղի կ՝ունենար Սուրբ Գրքի Ընթերցումը։ Հայր Լուիճի հիւանդացաւ բծատենդէ ,իր պահակէն խնդրեց որ իրեն տրուի Սուրբ Հաղորդութիւն,բայց ընդհակառակը զայն սպաննեցին մահացու ներարկումով մը՝ 3 փետրուար 1943-ին։








All the contents on this site are copyrighted ©.