2011-06-11 13:38:58

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը Ունկնդրութիւն Շնորհեց Եւրոպացի Աւելի Քան 2000 Գնչուներու։


Շաբաթ 11 յունիսին ժամը 12ին, Պենետիկտոս ԺԶ քահանայապետը ունկնդրութիւն շնորհեց գնչու 2000 ուխտաւորներու եւրոպական 7 գնչու ցեղի պատկանող որոնք Հռոմ ժամանած են Սպանացի գնչու՝ երանելի Ծէֆֆէրինօ Ճիմէնէս Մալլայի մարտիրոսութեան 75 ամեակին եւ անոր ծննդեան 150 ամեակի ուխտագնացութեան զոյգ առիթներով
Հանդիպումի սկիզբը Փախստականներու Եւ Գաղթականներու Քահանայապետական Հովուութեան Խորհուրդի նախագահ Կարտինալ Մարիա Վէլիոն ներկայացուց զնչուներու յանձնառութեան աճումը եկեղեցւոյ մէջ։ Հանդիպման ընթացքին Սրբազան Քահանայապետին ներկայացուեցաւ նաեւ գնչուներու իրողութիւնը Լեհաստան, Աուշվից եւ Գերմանիա Պերեն-Պելսէն բանտերու մէջ վերապրող չորս գնչուներու վկայութեամբ։ Ապայ աղջնակնեու պարի ներկայացումէն ետք Նորին Սրբութիւնը ճար մը ուղղեց ներկաներուն։

Ուխտագնացութեան յայտագիրը յուսկ կը շարունակուի երեկոյեան ժամը 18.30՝ Հռոմի Սուրբ Բարդողոմիոս Պազիլիքայի մէջ նախատեսուած սրբազան արարողութեամբ
որուն պիտի նախագահէ Փախստականներու եւ Գաղթականներու Քահանայապետական Հովութեան խորհուրդի նախագահը՝ Անթոնիօ Մարիա Վէլիօ Արքեպիսկոպոսը։
արարողութեան ընթացքին Սպանիոյ հաւատքի վկաներու նուիրուած խորանին վրայ, պիտի զետեղուի երանելի Չէֆէրինօ Զիմէնէս Մալլյի մասունքը. ՜՜Վարդարան՝՝ մը որ ան նուիրած էր իր բարեկամին աղջկան։
Կիրակի 12 յունիսին, Հռոմի Տիվինօ Ամորէ ուխտավայրին մէջ երանելի Ծէֆֆէրինօյի նուիրուած՝ բացօթեայ մատրան մէջ, գնչու ուխտաւորները պիտի մասնակցին սուրբ պատարագի արարողութեան։








All the contents on this site are copyrighted ©.