2011-06-11 13:50:11

ՀԱՅԱԶԳԻ ՆՇԱՆԱՒՈՐ ԴԷՄՔԵՐ։
ՊՈԼՍԱՀԱՅ ԿՌՓԱՄԱՐՏ՝ ԿԱՐՊԻՍ ԶԱՔԱՐԵԱՆ


Թուրքիոյ մարզական աշխարհի երախտաշատ դէմքերէն մէկն է հայազգի մարզիկ, կռփամարտի »ոսկեայ սիրտի տէր« անզուգական մարզիկ եւ մարզիչ Կարպիս Զաքարեան, որու անունը ոսկեայ տառերով արձանագրուած է կռփամարտի պատմութեան էջերուն մէջ եւ որ 1950-1960ական թուականներուն իր փայլուն յաղթանակներու շնորհիւ ուրախութեան ու հպարտութեան բազում պահեր ապրեցուցած է Պոլսոյ հայ եւ թուրք մարզասէրներուն։ Հանրայայտ մարզիկը կռփամարտ մարզաձեւի մէջ Թուրքիոյ առաջին ախոյեաններէն մէկը հանդիսացած է ու իր շրջանին վայելած ՝՝ճէնթըլմէն կռփամարտիկ՝՝ տիտղոսը։ Հակառակ որ մօտաւորապէս կէս դարէ ի վեր այլեւս թողած է իր ասպարէզը, մարզասէրներ ու մարզական աշխարհի նշանաւոր դէմքեր կը շարունակեն մեծ յարգանքով խօսիլ իր մասին ու յիշել փառքի այն օրերը, երբ Կարպիս Զաքարեան որպէս Թուրքիոյ ազգային մարզիկ, իր անունը կը թնդացնէր սա կամ նա ռինկի վրայ։

Պոլսահայ նախկին կռփամարտիկի անունը այս տարի կրկին մարզական աշխարհի օրակարգին վրայ տեղ գտաւ , քանի որ իր մասին հետաքրքրական գիրք մը հրատարակուեցաւ Պոլսոյ Պէյօղլուի Թաղային Խորհուրդի նախաձեռնութեամբ եւ հովանաւորութեամբ։ Գիրքը կը կոչուի ՝՝Ոսկեայ սիրտի տէր մարդու ձեռնոցը՝՝ եւ խմբագրուած է Արամ Գուրանի ու Էրտէն Աքթօղուի կողմէ։

Պոլսոյ Պէյօղլուի »Նարեկեան« սրահին մէջ սարքուեցաւ այս գիրքի շնորհանդէսը, ներկայութեամբ բազմաթիւ հրաւիրեալներու, տեղական մէտիայի եւ մարզական աշխարհի յայտնի դէմքերու եւ Կարպիս Զաքարեանի մարզական երկրպագուներուն։ Պէյօղլուի Թաղային Խորհուրդը, , բծախնդիր ու խնամեալ աշխատանք մը տարած էր հանրայայտ մարզիկը արժանաւորապէս մեծարելու եւ այս ձեռնարկը անոր համար անմոռանալի դարձնելու ուղղութեամբ։ Սրահին մէջ յատուկ սեղան մը պատրաստուած էր Կարպիս Զաքարեանի եւ իր ընտանիքին համար, նորատիպ գիրքերն ալ կը սպասէին մակագրման եւ իրենց առաջին ընթերցողներուն։



Այնուհետեւ թուրք մարզական աշխարհէն նշանաւոր դէմքեր ելոյթներ ունեցան ու Կարպիս Զաքարեանի հետ ունեցած իրենց յիշատակները ներկայացուցին, ընդգծելով որ որպէս մարզիկ եւ աւելի վերջ ալ՝ որպէս մարզիչ, Կարպիս Զաքարեան, մեծ յարգանք վայելած է, անվերապահ կերպով արժանի նկատուելով ՝՝Իսթանպուլի Պէյէֆէնտի՝՝ ն կոչման։

Ելոյթներէն ետք պարքովիզիոնի դրութեամբ ներկայացուեցաւ տեսաժապաւէն մը, ուր ոսպնեակի դիմաց կը տողանցէին Կարպիս Զաքարեան մարզական կեանքէն յատկանշական տարբեր դրուագներ եւ մրցումներէ տեսարաններ։

Աւարտին, շնորհակալութեան խօսք արտասանեց Կարպիս Զաքարեան, իր երախտագիտութիւնը յայտնելով գիրքի հեղինակին ու Պէյօղլուի Թաղային Խորհուրդին։








All the contents on this site are copyrighted ©.