2011-06-11 13:44:11

Ծէֆֆէրինօ Ճիմէնէս Մալլա Երանելին


Ծէֆֆէրինօ Ճիմէնէս Մալլա երանելին ծագումով գնչու է, ծնած է Պէնավէն Տէ Լէրիտայի մէջ 1861-ին եւ գնդակահարուած 1936-ին Պարպասդրօ գերեզմանատան մէջ։ Սպանիոյ քաղաքական պատերազմի ընթացքին ան ձերբակալուած էր քահանայ մը պաշտպանած ըլլալուն համար։ Իր մահուան ժամանակ իր ձեռքին մէջ բռնած էր վարդարան մը։ Ծէֆֆէրինօ Ճիմէնէս Մալլա երանելին եկեղեցւոյ առաջին գնչու երանելին է, որ խորաններու պատույն արժանացաւ, երանելի ՅՊԲ. ի կողմէ 1997-ի՝ մայիս 4-ին։








All the contents on this site are copyrighted ©.