2011-06-10 12:40:10

Պենետիկտոս ԺԶ. Քահանայապետին Ճառը Քահանայապետական Եկեղեցական Կաճառի Մեծաւորներուն Ու Ուսանողաց։


Նորին Սրբութիւնը Քահանայապետական Եկեղեցական կաճառի Մեծաւորներուն ու աշակերտութեանց արտասանած իր ճառին մէջ, իր գոհունակութիւնը յայտնեց այս հանդիպումին առթիւ ու անդրադարձաւ կաճառի առաքելութեան եւ դաստիարկչական կազմաւորումին կէտնպատակներուն ու դիւանագէտի կարեւոր դերին։
Սուրբ աթոռի դիւանագէտները - ըսաւ նորին սրբութիւնը - կանչուած են ի գործ դնելու իրենց մարդկային եւ գերբնական ձիրքերը։ Իրենց այս նուրբ գործունէութեան ընթացքին՝ հոգեւոր կեանքի հոգածութիւնը, մարդկային առաքինութիւններու զարգացումը եւ մշակութային կազմաւորումը զուգահեռ կ՛ընթանան փոխադարձ կերպով իրարու զօրակցելով։ Աշխատանք մը որ ուրիշի հանդէպ տրամադրելիութիւն, քննադատումի հաւասարկշրութիւն, անձնական գաղափարներէ անջատում, զոհողութիւն, համբերութիւն, եւ բոլորին հետ յարատեւ երկխօսութիւն կը պահանջէ։ Քահանայապետի եւ եկեղեցական հաղորդութեան ի սպաս կեանքը հարստացուցիչ է։
Ապա Նորին սրբութիւնը խօսքը ուղղեց Քահանայապետական Եկեղեցական կաճառի ուսանողներուն յորդորելով զանոնք որ մեծ եռանդով հետեւին կազմաւորումի ճանապարհին։ Սրբազան Հայրը եզրափակեց իր ճառը տալով իրենց իր հայրական օրհնութիւնը։








All the contents on this site are copyrighted ©.