2011-06-10 13:39:09

Նախագահ Պաշշար Ասսատ Կ՛ընդունի Վուալիտ Ժումպլաթը։ Այսօր ՝՝աղօթքի ուրբաթը՝՝ Տեղի Կրնան Ունենալ Բողոքի Ցոյցեր։


 Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասսատ երէկ Դամասկոսի մէջ ընդունեց Լիբանանի Ընկերվար Յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Վուալիտ Ժումպլաթը` ներկայութեամբ հանրօգուտ շինութեանց եւ փոխադրութեան հարցերու գործավար նախարար Ղազի Արիտիի:
Երեկոյեան Լիբանանի Ընկերվար Յառաջդիմական կուսակցութեան կողմէ հրապարակուեցաւ հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշուեցաւ, թէ նախագահ Ասատի հետ իր հանդիպումին ընթացքին Ժումպլաթ շեշտած է Սուրիոյ կայունութեան կարեւորութիւնը` նկատի ունենալով, որ Սուրիոյ եւ Լիբանանի կայունութիւնը իրարմէ կախեալ են (ինչպէս նշուած է Թաէֆի համաձայնագիրին մէջ):

Միւս կողմէ Սուրիայէն կը շարունակեն գալ այլ լարուածութեան լուրեր,այսօր ըլլալով աղօթքի ուրբաթը,կրնայ առիթ ստեղծել անգամ մը եւս բողոքի ցոցյերու,իսկ քաղաքական գետնի վրայ Ռուսիան յայտարարեց որ դէմ պիտի քուարկէ Տամասկոսի դէմ ՄԱԿ-ի կողմէ ՝՝որդեգրուելիք որեւէ մէկ որոշումի՝՝ ։







All the contents on this site are copyrighted ©.