2011-06-10 12:40:48

Մեծն Պրիտանիա- 60 Անկլիգան Վերապատուելիներ Կաթողիկէ Քահանայ կը ձեռնադրուին:


Պենտեկոստէի տօնին առթիւ, Մեծն Պրիտանիոյ մէջ 60 անկլիգան նախկին պատուելիներ, կաթողիկէ Քահանայ ձեռնադրուելով՝ մաս պիտի կազմեն Ուալսինկհամի կաթողիկէ Թեմին։
Անոնցմէ եօթն, անցեալ շաբաթ օրը ստացան քահանայական ձեռնադրութիւն, իսկ հինգը ուրբաթ 10 յունիսին ձեռնադրուեցան Ուէսմինթերի Կաթողիկէ Մայր Տաճարին մէջ։
Ի պատրաստութիւն քահանայական ձեռնադրութեան, նախկին անկլիգան պատուելիները 14 շաբթուայ տեւողութեամբ դասընթացքի մը հետեւեցան Չելսէյի Ալլէն Հոլ նորընծայարանին մէջ։
Ուալսինկհամի Կաթողիկէ յատուկ թեմը հիմնուեցաւ անցեալ յունուարին, ընդառաջելու՝ նախկին անկլիգան եկեղեցականներու խնդրանքին, մաս կազմելու կաթողիկէ եկեղեցւոյ։ Նոյն առիթով թեմի վիճակաւոր անուանուեցաւ գերապայծառ Գէյթ Նիւթոն, որ անցեալ յունուարին միշտ, Ճոն Պրոտհարսդ եւ Անտրիու Պուրնհամ անկլիգան նախկին եպիսկոպոսներու հետ միասին, կաթողիկէ ծէսով դարձեալ ստացան քահանայական ձեռնադրութիւնը, ստանալով նաեւ գերապայծառի տիտղոս։








All the contents on this site are copyrighted ©.