2011-06-10 12:40:42

Եւրոպացի Գնչուներու Հաւաք՝ Նախաձեռնութեամբ Փախստականներու Եւ Գաղթականներու Քահանայապետական Հովուութեան Խորհուրդին ։


11 եւ 12 յունիսին, նախաձեռնութեամբ Փախստականներու Եւ Գաղթականներու Քահանայապետական Հովուութեան Խորհուրդին, Հռոմի մէջ տեղի կ՛ունենայ Եւրոպացի գնչուներու հաւաք մը, սպանացի գնչու՝ երանելի Ծէֆֆէրինօ Ճիմէնէս Մալլայի մարտիրոսութեան 75 ամեակին եւ անոր ծննդեան 150 ամեակի զոյգ առիթներով։ Աշխարհի գնչուներու թիւը 36 միլիոնի կը հասնի, որոնց մեծամասնութիւնը կեդրոնացած է Հնդկաստանի մէջ (18 միլիոն) եւ 12 - 15 միլիոն եւրոպայի մէջ, Րումանիա, Հունգարիա, Պուլկարիա եւ Սպանիա, ինչպէս նաեւ՝ Միացեալ Նահանգներ ու Պրազիլ։

Շաբաթ 11 յունիսին, Պենետիկտոս ԺԶ քահանայապետը ունկնդրութիւն պիտի շնորհէ գնչու հասարակութեան. նոյն օրը յետ միջօրէին՝ Հռոմի Սուրբ Բարդողոմիոս Պազիլիքայի մէջ, գնչու ուխտաաւորները պիտի մասնկացին սրբազան արարողութեան, որուն պիտի նախագահէ Փախստականներու եւ Գաղթականներու Քահանայապետական Հովութեան խորհուրդի նախագահը՝ Անթոնիօ Մարիա Վէլիօ Արքեպիսկոպոսը։
Այս առթիւ Սուրբ Բարթողոմիոս Տաճարի մէջ, Սպանիոյ հաւատքի վկաներու նուիրուած խորանին վրայ, պիտի զետեղուի երանելի Չէֆէրինօ Զիմէնէս Մալլյի մասունքը. ՜՜Վարդարան՝՝ մը որ ան նուիրած էր իր բարեկամին աղջկան։
Իսկ կիրակի 12 յունիսին, Հռոմի Տիվինօ Ամորէ ուխտավայրին մէջ երանելի Ծէֆֆէրինօյի նուիրուած՝ բացօթեայ մատրան մէջ, Ավէցցանոյի եպիսկոպոսը՝ գերապայծառ Բիէթրօ Սանթորօ պիտի գլխաւորէ սուրբ պատարագի արարողութիւնը, որը պիտի հեռասփռուի իտալիոյ Պետական հերուստակայանէն։








All the contents on this site are copyrighted ©.