Քոլորատօ Նահանգի Ծերակոյտը Ապրիլ 24-ը Յայտարարեց «ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ՅԻՇԱՏԱԿԻ ՕՐ»
Միացեալ Նահանգներու Քոլորատօ նահանգին Ընդհանուր ժողովը 2011-ի նստաշրջանին ընթացքին
ընդունեց ծերակոյտի թիւ 11-035 միացեալ բանաձեւը` 24 ապրիլը այսուհետեւ «Քոլորատոյի մէջ
Հայոց Ցեղասպանութեան Յիշատակի Օր» յայտարարելու վերաբերեալ: Նշելով, որ այս տարի
կ՛աւարտի 20-րդ դարու առաջին Ցեղասպանութեան 96-րդ տարելիցը, փաստաթուղթին մէջ կոչ կ՛ուղղուի
Թուրքիոյ յարգելու միջազգային համաձայնագիրներով ստանձնած իր պարտաւորութիւնները, փոխ-հատուցում
կատարելու քրիստոնէական աւերուած եկեղեցիներու, վանքերու, դպրոցներու, յուշարձաններու,
սրբավայրերու եւ կրօնական այլ ինչքերու համար, թոյլ տալու քրիստոնէական եկեղեցիներու
եւ այդ ստացուածքներու օրինական տէրերուն պահպանելու, վերակառուցելու եւ վերանորոգելու
այդ կալուածը , ինչպէս նաեւ թոյլ տալու ազատօրէն եւ առանց խոչընդոտներու կամ սահմանափակումներու
կազմակերպելու աղօթքներ, պաշտամունքի, կրթական, կրօնական համայնքներու հաւաքներ: Փաստաթուղթերու
պատճէնները ուղարկուած են Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամային, Քոլորատոյի քոնկրեսական
պատուիրակութեան անդամներուն, Քոլորատոյի նահանգապետին, Ուաշինկթընի մէջ Հայաստանի եւ
Թուրքիոյ դեսպանատուներուն, ինչպէս նաեւ շարք մը այլ բարձրաստիճան պաշտօնատարներու: