2011-06-09 12:19:17

Սուրիա։ Հազարաւոր Քաղաքցիներ Խոյս Կուտան Երկրէն։Պաշար Ասսատ Պատրաստ Նոր Սանձահարումներու։


Սուրիոյ զինուորական վարչակարգը,իշխանութեան գլուխը գրեթէ յիսսուն տարիէ ի վեր ,դէմ հանդիման կը գտնուի իր պատմութեան ամենէն ցնցիչ ժողովրդային բողոքներու հետ,յատկապէս երկրի հիւսիս-արեւմտեան կողմը սահմանակից Թուրքիոյ,մինչ այդ ՄԱԿ-ի մէջ շրջանարութեան դրուած է լուծումի նոր նախագիծ մը , պատրաստուած ֆրանսայի եւ Մեծն Պրիթանիոյ կողմէ,հակադրութեամբը Չինաստանի եւ Ռուսիոյ։ Միւս կողմէ Թրքական «Թուտէյզ Զաման» կը հաղորդէ, որ ըստ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան պաշտօնատարներուն Թուրքիոյ մէջ գտնուող սուրիացի գաղթականներուն թիւը բարձրացած է 1800-ի եւ թէ Թուրքիա մտահոգութեամբ կը հետեւի Սուրիոյ մէջ արձանագրուած զարգացումներուն։

Իսկ այսօր 9 Յունիս Սուրբ Աթոռի մօտ հաւատարմագրուած Սուրիոյ Նոր Դեսպանը Տիար Հուսսամ Էտին Ալաա,Պենետիկտոս ԺԶ,Սրբազան Քահանայապետին Ներկայացուց իր հաւատարմագրերը։ Սուրբ Աթոռի մօտ Սուրիոյ Նոր Դեսպանը ծնած է 1966ին Հալէպ ,ամուսնացած եւ տէր երեք զաւակներու։








All the contents on this site are copyrighted ©.