Հայաստանի Պաշտպանութեան Նախարարը Սէյրան Օհանեան Պրիւքսելի Մէջ։
Հայաստանի Պաշտպանութեան Նախարար Սէյրան Օհանեանի գլխաւորած պատուիրակութիւնը երէկ մեկնեցաւ
Պրիւքսել` մասնակցելու համար Աֆղանիստանի մէջ անվտանգութեան աջակցութեան միջազգային ուժերու
գործողութիւններուն մասնակցող պետութիւններու ձեւաչափով այսօր տեղի ունենալիք ՕԹԱՆ-ի
անդամ եւ գործընկեր երկիրներու պաշտպանութեան նախարարներու նիստին: