2011-06-09 12:20:35

Կրօնաբարոյական հարցեր


Մարդուն Բնութիւնը
Աստուած մեզ ստեղծած է. Սակայն ինչ բանէ կազմուած է մեր բնութիւնը։
Եթէ ուզենանք մեր կեանքին ուղղութիւն մը տալ, հարկ է որ փնտռենք այն էական ուժերը որ կը գտնուին մեր մէջ, ինչպէս նաեւ արդիւնքը որուն կը հասցնեն մեզ։
Որո՞նք են այն հոսանքները որ ամէն օր կը քշեն մեր անձը, փոթորիկները որոնք երբեմն մեզի կորսնցնել կու տան մեր ուղղութիւնը, նեղի մատնելով մեզ մեր առնելիք որոշումներուն մէջ։ Որովհետեւ մարդուն տկարութիւնը մէջտեղ կու գայ երբ կը զգայ իր էակին հարստութիւնը եւ սակայն անկարող է տէր դառնալու իր բոլոր ուժերուն եւ կարողութիւններուն։
Երկար դարերու փնտռտուքներէ ետք` մարդը տակաւին կը մնայ խորհուրդ մը. Ոչ միայն բոլորովին տէր չէ իր բնութեան բազմաթիւ ուժերուն, այլ յաճախ կ՛անգիտանայ նոյնիսկ անոնց գոյութիւնը։ Ալեքսիս Քարրել` հռչակաւոր բժիշկը, մարդուն մասին գիրք մը հրատարակած է հետեւեալ տիտղոսով. Մարդը` այս անծանօթը։ փորձենք սակայն քննել եւ երեւան հանել անծանօթ ծալքերը մարդկային այս մեր բնութեան։
Գլխաւոր բաղադրութիւնը մարդուս այն է որ կազմուած է մարմինէ եւ հոգիէ, ինչ որ զինք կը դասէ ընդմէջ հոգեկան էակներու, որոնք են հրեշտակները եւ մարմնաւոր էակներու, որոնք են անասունները։
Ունինք նախ մարմին մը, ուստի եւ սահմանուած ենք ժամանակի մէջ, ինչպէս նաեւ անջրպետին մէջ. Եւ սակայն միջոցը ունինք, մեր մտքին զօրութեամբ` դուրս ելլելու այս սահմաններէն, երթալով երեւակայութեամբ անցեալ դարերու մէջ, ինչպէս նաեւ շրջելով մտովի մեր սահմաններէն դուրս, նոյնիսկ անծայրածիր տիեզերքի մէջ։
Մեր մարմինը կը մնայ իր տեղը եւ իր ժամանակին մէջ, բայց մեր միտքը կը սաւառնի անոնցմէ դուրս. Այս կարողութիւնը երթալու ժամանակէն ու անջրպետէն անդին կարելի չէ բացատրել եթէ ոչ ներկայութեամբը մեր անձին մէջ մէկ ուրիշ տարրի մը , որ կը կոչենք հոգի։
Մեր մէջ կը գտնուի անհունի պահանջք մը. Նիւթական որեւէ առարկայ չի յագեցներ մեր փափաքները, միշտ կը փնտռենք աւելին ու կ՛ուզենք հասնիլ բանի մը որ աւելի բարձր է նիւթական աշխարհէն։ Անասունը կ՛ուտէ իր ճաշը եւ կը կշտանայ, այլեւս ուրիշ բան չ՛ուզեր. Մարդը չի յագենար, միշտ աւելի կ՛ուզէ. Այս բոլորը որովհետեւ կայ իր մէջ աննիւթական տարր մը եւ այդ տարրը չի կրնար գոհանալ լոկ նիւթական բարիքներով։
Բոլոր ստեղծուած արարածներուն մէջէն` մարդը ունի իւրայատուկ նկարագիր մը որ յառաջ կու գայ իր յատուկ բաղադրութենէն, ուր կը միանան երկու իրարու ներհակ տարրեր. Մարդը ոչ հրեշտակ է, ոչ անասուն, ան բանաւոր անասուն մըն է, հոգելից մարմին մը, կամ մարմնացած հոգի մը։ Այս երկու տարրերը մեր մէջ կ՛աճին կը զարգանան եւ կը գործեն, երբեմն ներդաշնակ կերպով, երբեմն ալ իրարու հակառակ։
Մին մեզ կը մղէ դէպի իր մարմնաւոր եւ աշխարհիկ հակումները, նիւթը, հաճոյքը, զուարճութիւնը. Իսկ միւսը մեզ կ՛առաջնորդէ դէպի բարձրը եւ աննիւթականը, դէպի յաւիտենական արժէքները։ Եւ ահա կը ծագին հարցերը, տեղի կու տայ պայքարը մեր իսկ անձին մէջ. Այս պայքարը կը յառաջացնէ երկպառակութիւն մեր անձին մէջ, կը գոյանայ տխրութիւնը եւ տառապանքը։ Մարդկութեան բոլոր հարցերը յառաջ կու գան այս ներքին պատերազմէն. Իսկ ամէն լուծում կ՛ենթադրէ համաձայնութիւն մը այս երկու տարրերուն եւ սկզբունքներուն միջեւ։
Մեր յաջորդ զրոյցին մէջ աւելի մանրամասնօրէն պիտի քննենք այս հարցը։








All the contents on this site are copyrighted ©.