2011-06-08 12:01:32

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետին Չորեքշաբթի Օրուայ Հրապարակային Ունկնդրութիւնը։


Չորեքշաբթի 8 յունիս 2011, Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը ընդհանուր ունկնդրութիւն շնորհեց իտալացի եւ օտարազգի բազմահազար ուխտաւորներուն, խմբուած՝ Ս. Պետրոսի հրապարակը։
Սրբազան Հայրը իր ճառին մէջ անդրադարձաւ անցեալ 4 եւ 5 յունիսին Խրուաթիայ կատարած առաքելական ճամբորդութեան ։

Սիրեցեալ եղբայրներ ու քոյրեր, (ըսաւ Նորին Սրբութիւնը)
՜՜Միասին Ի Քրիստոս՝՝ այս էր նշանաբանը Խրուաթիա կատարած վերջին այցելութեանս, ուր մասնակցեցայ ՜՜Խրուաթիոյ Ընտանիքի Ազգային Հաւաքին՝՝ եւ որուն ընթացքին մատնանշեցի պատասխանատութիւնը Եւրոպային, պաշտպանելու՝ Ընտանիքը , մանաւանդ դաստիարակչական եւ ընկերային մրազերէն ներս։ Նոյնպէս քաջալերեցի ամուսնացեալները որ յարատեւեն իրենց առաքելութեան մէջ, շեշտելով որ իրենց հաւատարմութիւնը կը հանդիսանայ Քրիստոսի Սիրոյն վկայութիւնը։ Այս հաւատարմութեան վկայութեամբ՝ մանուկները կը սորվին որ Աստուած հաւատարիմ Սէր է, համբերող, յարգանքով լի եւ առատաձեռն։
Բայց այս հաւատարմութիւն է կարելի չէ առանց Աստուծոյ շնորհքի պարգեւներուն, առանց հաւատքի եւ Սուրբ Հոգւոյն նեցուկին։
Իսկ երիտասարդներուն հետ ունեցած հանդիպումիս ընթացքին, ըսաւ Նորին Սրբութիւնը, կրկնեցի Յիսուսի ուղղած հարցումը իր աշակերտներուն <<ի՞նչ կը փնտռէք>> իրենց յիշեցնելով որ Աստուած ինք առաջինն է որ մեզ կը մեզ փնտռէ։
Այս է հաւատքի ուրախութիւնը, Աստուած մեզ կը փնտռէ։
Երանելի Կարտինալ Ալոյչէ Ստէբինաչի վկայութեան լոյսով՝ քաջալերեցի Խրուաթիոյ եպիսկոպոսները եւ Վարդապետները հաստատ մնալու իրենց կոչումին մէջ, հրաւիրելով զանոնք նոր առաքելական սլացք մը տալու։
Իսկ քաղաքացիական ընկերութեան ներկայացուցիչներու հետ հադիպումիս, յիշեցուցի Եւրոպայի հիմնական կոչումը՝ որ է պաշտպանել ու նորոգել մարդկութիւն մը հիմնուած քրիստոնէական արմատներու վրայ, որ միեւնոյն ատեն տիեզերական է եւ ամբողջական։
Սիրելի բարեկամներ ձեզ կը հրաւիրեմ աղօթելու Տիրամօր որպէսզի Խրիաթիա կատարած այս առաքելական ճամբորդութիւնս պտղաբեր ըլլայ։

Հուսկ Նորին Սրբութիւնը հայրական խօսք մը ուղղեց երիտասարդներուն, հիւանդներու ու նորապսակեալներուն յիշեցնելով անոնց որ յառաջիկայ կիրակի օրը Պենտեկոստէի տօնն է, ու հրաւիրեց երիտասարդները հայցելու Սուրբ Հոգիին բարեխօսութիւնը որպէսզի զիրենք դարձնէ անխոնջ վկաները Քրիստոսին. հրաւիրեց հիւանդները, հաւատքով ընդունելու ցաւերը եւ զանոնք նուիրելու մարդկութեան փրկումին, իսկ նորապսակեալները, կերտելու իրենց ընտանեկան կեանքը Աւետարանի հաստատ հիմներու վրայ։








All the contents on this site are copyrighted ©.