2011-06-08 12:01:56

Միացեալ Նահանգներ- Միջկրօնական ձեռնարկ


Յառաջիկայ 26 հոկտեմբերին Միացեալ Նահանգներու մէջ քրիստոնեայ, իսլամ եւ հրեայ տասնեակ աղօթավայրեր փոխադարձաբար պիտի հիւրընկալեն տարբեր կրօններու կղերականներ “Faith Shared” միջկրօնական ձեռնարկի ծիրէն ներս։ Ձեռնարկը կազմակերպուած է Interfaith Alliance եւ Human Rights First ընկերակցութիւններու կողմէ։ Առաջինը միջկրօնական ընկերակցութիւն մըն է հիմնուած՝ 1994-ին, եւ որուն նպատակակէտն է՝ երկխօսութիւն հաստատել զանազան կրօններու միջեւ , կրօնամոլութեան եւ անհանդրժողութեան դէմ. իսկ երկրորդը՝ միջազգային ոչ քաղաքական ընկերակցութիւն մըն է որ կը գործէ մարդու իրաւունքի պաշտպանութեան ի նպաստ։
Ձեռնարկը կազմակերպողները կ՛ուզեն հաստատել թէ հակառակ կրօններու՝ հաւատքի, աւանդութեանց, զանազանութիւններուն, համակեցութիւնը՝ միաստուածեան կրօններու միջեւ անկարելի չէ։








All the contents on this site are copyrighted ©.