2011-06-08 12:42:58

Հայաստանն Ու Կիպրոսը Թուրքիոյ Դէմ Իրենց Վեթոյի Իրաւունք Պիտի Գործածեն։


Թրքական «Զաման» օրաթերթը կը գրէ, թէ Հայաստան ու Կիպրոս յայտարարած են, որ վեթոյի պիտի ենթարկեն ԵԱՀԿի ընդհանուր քարտուղարի պաշտօնին առաջադրուած թուրք դիւանագէտ Էրսին Էրչինի թեկնածութիւնը։Թուրքիան եւս յայտարարած է, որ վեթոյի պիտի ենթարկէ այդ պաշտօնին առաջադրուած Աւստրիոյ արտաքին գործոց նախկին նախարար Ուրսուլա Փլասնիքի թեկնածութիւնը, որովհետեւ ան ժամանակին հակաթրքական յայտարարութիւններ կատարած է։ Թուրքիոյ այդ վարքագիծը յառաջացուցած է Վիեննայի դժգոհութիւնը։
Թրքական «Սապահ» օրաթերթը, իր կարգին կը յայտնէ, թէ Հայաստանն ու Կիպրոսը ԵԱՀԿի մէջ հակաթուրք դաշինք ստեղծած են եւ կը պատրաստուին վեթոյի ենթարկելու ԵԱՀԿի ընդհանուր քարտուղարի պաշտօնին առաջարկուած թուրք դիւանագէտին թեկնածութիւնը. «56 անդամ ունեցող այդ կազմակերպութեան մէջ Թուրքիոյ ամէնէն մեծ աջակցութիւնը կը ցուցաբերէ Ռուսիան։ Բացի ատկէ, Յունաստան եւս խոստացած է աջակցիլ Թուրքիոյ թեկնածուին», կը գրէ «Սապահ»։
Թրքական «Հապերթուրք» օրաթերթը նախապէս հաղորդած էր, որ Թուրքիոյ նախագահ Ապտուլլահ Կիւլ կը պատրաստուի նամակով մը դիմելու Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանին՝ թուրք թեկնածուի հարցին մէջ աջակցութիւն ապահովելու համար։ Սակայն հայկական կողմը Անգարային յստակ հասկցուցած է, թէ Երեւանը պիտի չ՛աջակցի Թուրքիոյ թեկնածուին։
Նշենք, որ ԵԱՀԿի ներկայ ընդհանուր քարտուղարին պաշտօնավարութեան ժամկէտը կ՛աւարտի Յունիս 30ին։








All the contents on this site are copyrighted ©.