2011-06-07 12:36:36

Յունիս 25ին Քազանի մէջ Պիտի Կայանայ Հայաստանի, Ատրպէյճանի եւ Ռուսաստանի Նախագահներու Հանդիպումը ԼՂՀ Հակամարտութեան Կարգաւորման Օրակարգով ։


Ռուսիոյ արտաքին ործոց նախարարութեան Կովկասի վարչութեան տնօրէն Անտրէյ Քելին ատրպէյճանական ՝՝Էյ. Էն. Էս.՝՝ կայքէջին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ Ռուսիա պատրաստ է իր բոլոր ջանքերը գործադրելու՝ Ղարաբաղեան տագնապի լուծման համար։

Ըստ անոր, ներկայիս Քազանի մէջ Ռուսիոյ, Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի նախագահներու հանդիպումին պատրաստութիւնը տեղի կ՛ունենայ։ Ատոր վրայ կ՛աշխատին նախագահները, նախարարները զբաղած են համապատասխան նիւթերու մշակումով։ Տուեալ հոլովոյթին կը մասնակցին նաեւ համանախագահները։ ՝՝Ատիկա լուրջ եւ նուրբ աշխատանք է՝՝ նկատել տուած է Անտրէյ Քելին։








All the contents on this site are copyrighted ©.