2011-06-07 12:21:35

Հանդիսաւոր սուրբ Պատարագ ընկերային հաղորդամիջոցներու 45-րդ համաշխարհային օրուան առիթով


Ընկերային հաղորդամիջոցներու 45-րդ համաշխարհային օրուան առիթով, կիրակի, 5 յունիս 2011 առաւօտեան ժամը 10.30-ին, Պքերքէի մարոնիթ պատրիարքարանին մէջ, հանդիսաւոր սուրբ Պատարագ մատոյց Րաաի պատրիարքը, մասնակցութեամբ ընկերային հաղորդամիջոցներու եպիսկոպոսական յանձնախումբի փոխ նախագահ հայր Էմիլ Մատիիի, կաթողիկէ մամլոյ կեդրոնի տնօրէն տէր Ապտօ Պուքասըմի, կաթողիկէ լրատուութեան համաշխարհային միութեան լիբանանեան մասնաճիւղի տնօրէն Թոնի Խատրայի, յոյն կաթողիկէ պատրիարք Լահհամի, առաքելական նուիրակ մոնսինիոր Քաչայի, ամենապատիւ Հոգեւոր տիրոջ ներկայացուցիչ եւ հայ կաթողիկէ պատրիարքարանի ընկերային հաղորդամիջոցներու պատասխանատու հայր Վարդան վրդ. Գազանճեանի եւ այլ հոգեւոր ու քաղաքական անձնաւորութիւններու եւ բազմաթիւ լրագրողներու։
Սուրբ Պատարագի սկիզբը խօսք առաւ Լիբանանի կաթողիկէ մամլոյ կեդրոնի տնօրէն՝ տէր Ապտօ, ապա սուրբ Աւետարանի ընթերցումէն ետք, Րաաի պատրիարքը փոխանցեց օրուան պատգամը։ Ան իր պատգամին մէջ նախ յայտնեց, որ Աստուծոյ եւ մարդուն փառքը կը բխին սէրէն, որ մեզ պատուիրեց Յիսուս Քրիստոս` «սիրենք իրար զիրար, ինչպէս որ ինքը մեզ սիրեց»։
Պատրիարք Րաաի անդրադարձաւ ընկերային հաղորդամիջոցներու 45-րդ համաշխարհային օրուան ուրախ առիթին աղօթելով, որ բոլոր հաղորդամիջոցները փոխանցեն Աստուծոյ Խօսքը ճշմարտութեամբ, մշակոյթով եւ գեղեցկութեամբ, ինչպէս որ կը պատկերացնէ Եկեղեցին. ինչպէս նաեւ այդ հաղորդամիջոցները քարոզեն մշակութային ու քաղաքակրթական շինիչ արժէքներ, ի սպաս աւելի արդար, խաղաղ ու համերաշխ աշխարհի, եւ կերտեն առողջ ու առարկայական հանրային կարծիք մը։
Իր քարոզին մէջ, ան կոչ ուղղեց նաեւ սուրբ Աւետարանի միջոցաւ գիտակցելու մարդկային արժանապատուութեան իբրեւ ցոլացում Աստուծոյ փառքի իրաւասութեան, բարութեան ու գեղեցկութեան, եւ ճանչնալու մեր մարդկային առաքելութիւնը՝ կազմելու համար սիրոյ հասարակութիւնը։ Այնուհետեւ, պատրիարք Րաաի յայտնաբերեց սրբազան քահանայապետ Բենեդիկտոս ԺԶ.-ի այս տարուան ուղղած պատգամը՝ ընկերային հաղորդամիջոցներուն, «Ճշմարտութիւն, ծանուցում եւ կեանքի իսկութիւն թուային դարաշրջանին մէջ» խորագրով։ Մարոնիթ պատրիարքը ապա ճաշի հրաւիրեց հաղորդամիջոցներու պատասխանատուները:








All the contents on this site are copyrighted ©.