2011-06-07 12:57:57

Հայր ֆետերիքօ Լոմպարտիի Շաբաթական Խմբագրականը
Հարաւային Սուտանի Նեցուկ


Յառաջիկայ 9 յուլիսին Ափրիկէի 54-րդ Հանրապետութիւնը ծնունդ պիտի առնէ, այն է՝ Հարաւային Սուտանը։
Ասիկա տեղի կ'ունենայ անցեալ 9 յունուարին ,Սուտանի մէջ կայացած հանրաքուէէն վեց ամիս ետք, որուն ընթացքին բնակչութեան ջախջախիչ մեծամասնութիւնը որոշեց անկախ հանրապետութիւն մը ունենալ։ Հանրապետութիւն մը՝ որ ծնունդ կ՛առնէ ունենալով տարբեր սահմաններ, 20 տարի տեւող արիւնալի քաղաքացիական պատերազմներէ ետք, ձեռբազատուելով՝ Արաբական հիւսիսային Իսլամ Սուտանի տիրապետութենէն։
Ժողովուրդ մը որ երկարօրէն սպասեց ազատութիւնը եւ խաղաղութիւնը եւ մեծ յոյսերով կը սպասէ յառաջիկայ յուլիսի անկախութեան հռչակումին օրը, որ պիտի հանդիսանայ տօնական մեծ օր մը։ Համայն ափրիկեան ցամաքամասը այս իրողութեան կը նայի որպէս վերանորոգում մը եւ նբշանակաքլից իրողութիւն մը։ Կարելի պիտի ըլլա՞յ արդեօք Ափրիկեան նոր ընկերվարութեան մը հաստատումը։ Չենք կրնար անտարբել մնալ, Հիւսիսի մէջ Իսլամական Շարիայի հաստատումի սպառնալիքներու դիմաց, եւ Ապիէյի դէմ գործադրուած՝ զինուորական յարցակումներուն ի տես։ Չենք կրնար անտարբեր մնալ բազմաթիւ տեղահանուածներու չարչարաքին դիմաց, որոնք կը պայքարին անօթութեան եւ հիւանդութիւններու դէմ։ Իսկ եթէ մեր աչքին առջեւ ունենանք այն մարտահրաւէրը միացնելու ցեղային բաժանումներու ենթարկուած աղքատ ժողովուրդ մը, ըլլայ տնտեսական ըլլայ մշակութային գետնի վրայ, որ կարիքը ունի նոր վարչակարգի մը կազմութեան, աւելիով կը հասկնանք տեղւոյն Եպիսկոպոսներու Միջազգային Զօրակցութեան Կոչը։
Յոյսի ձգտումները անպակաս են, սակայն տակաւին շատ տկար են եւ կը կարօտին բոլորին համոզուած զօրակցութեան ու հաստատ աջակցութեանը, եթէ կը փափաքինք ականատես ըլլալ՝ արդարութեան եւ խաղաղութեան լոյսի ծագումին Ափրիկէի Սրտին Մէջ (կ՝ըսէ հայր ֆէտէրիքօ Լոմպարտի)։








All the contents on this site are copyrighted ©.