2011-06-07 12:23:31

Թուրքիոյ Պապական Նուիրակի Կոչը Կրօնական Ազատութեան Ի Խնդիր։


Կիրակի 5 յունիս 2011ին Իսքէնտերունի մէջ տեղի ունեցաւ Գերապայծառ Բատովեզէի յիշատակին նուիրուած հաւաքը, որուն մասնակցեցան կաթողիկէ եւ օրթոտոքս եկեղեցական ներկայացուցիչներ որոնց շարքին նաեւ հայ եկեղեցին։ Այս առթիւ Թուրքիոյ մէջ պապական նուիրակ գերապայծառ Անթոնիօ Լուչիպելլոն յայտարարեց թէ կաթողիկէ եկեղեցին Թուրքիոյ մէջ կ՛ապրի ՜՜ լոկ ներկայութիւնէ մը դէպի վկայութիւն անցք մը՝՝։ Ոչ աղմկարար վկայութիւն մը այլ աապրելակերպի վկայութիւն մը։ Անդրադառնալով Թուրքիոյ Եւրոմիութեան անդամակցութեան , գերապայծառ Լուչիպէլլոն հաստատեց երկրին մէջ ՜՜կրօնական ազատութեան՝՝ կարեւորութիւնը որ ոչ միայն պաշտամունքի ազատութիւն այլ նաեւ խղճի ազատութիւն։ Կարեւոր է -ըսած է ան - որ ամէն մարդ կարելիութիւնը ունենայ հաւատալու եւ չհաւատալու եւ եթէ հարկ ըլլայ նաեւ իր կրօնը փոխելու։ Յիշեցնենք թէ գերապայծառ Բատովեզին 2010 յունիս 3ին դաժան կերպով սպաննուած էր իր իսլամ վարորդի ձեռքով։








All the contents on this site are copyrighted ©.