2011-06-07 12:38:44

«Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի հոգաբարձուներու խորհուրդի 20-րդ նիստը


Չորեքշաբթի, 31 մայիս 2011, Հայաստանի կառավարութեան ընդունելութիւններու տան մէջ տեղի ունեցած է «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի հոգաբարձուներու խորհուրդի նիստը` գլխաւորութեամբ խորհուրդի նախագահ, Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի: Արհի. տէր Պետրոս արք. Միրիաթեան եւ գերյ. հայր Յովսէփ ծ.վ. Քէլէկեան մասնակցեցան այս նիստին ներկայացնելով հայ կաթողիկէ համայնքը:
Նախագահին առաջարկով եւ խորհուրդի անդամներուն քուէարկութեան իբրեւ արդիւնք, հիմնադրամի հոգաբարձուներու խորհուրդի կազմին մէջ ընդգրկուած է նոր անդամ մը` «Փիւնիկ» բարեգործական հիմնադրամի հիմնադիր նախագահ Գաբրիէլ Չեմպերճեան, իսկ Հայաստանի ելեւմուտքի նախարար Վաչէ Գաբրիէլեան ի պաշտօնէ հաստատուած է իբրեւ խորհուրդի անդամ: Խորհուրդի կազմի համալրման հետ կապուած, հիմնադրամի գործադիր վարչութեան յանձնարարուած է համապատասխան փոփոխութիւններ կատարել կանոնադրութեան մէջ` հոգաբարձուներու խորհուրդի անդամներուն թիւը սահմանելով 36 հոգի:
Այնուհետեւ նիստին մասնակիցները դիտած են «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամին միջոցներով 2010-ին կատարուած աշխատանքներուն վերաբերեալ ժապաւէն մը, լսած են հիմնադրամի գործադիր տնօրէն Արա Վարդանեանի զեկուցումը` հաշուետու տարուան մէջ հիմնադրամի գործադիր վարչութեան կատարած աշխատանքներուն մասին:
Նիստի օրակարգին ծիրին մէջ հոգաբարձուներու խորհուրդի անդամներուն պիտի ներկայացուի նաեւ վերստուգիչ յանձնախումբի եւ «Կրանթ Թորնթոն» ընկերութեան հաշուեքննիչ կազմակերպութեան եզրակացութիւնը, որմէ ետք նիստի մասնակիցները պիտի քննարկեն հոգաբարձուներու խորհուրդի փոխնախագահ Գագիկ Յարութիւնեանի զեկուցումը` «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի նախորդ տարիներու աշխատանքներուն եւ հետագայ զարգացումներուն, հիմնախնդիրներուն եւ անոնց լուծումներուն մասին:








All the contents on this site are copyrighted ©.