2011-06-07 12:28:37

2011-ը ՀԱՅ ՄԱՆՈՒԿԻ ՏԱՐԻՆ։ Հռչակուած Արամ Ա.ին Վեհափառի Կողմէ։


Ինչպէս ծանօթ է Արամ Ա. Կաթողիկոս 2011 տարին հռչակեց «Հայ Մանուկի Տարի»: Այս առիթով գաղութներուն մէջ տեղի կ՛ունենան յատուկ ձեռնարկներ` հայ մանուկին կարեւորութիւնը լուսարձակի տակ բերող:
1 յունիսին Միացեալ ազգերու կազմակերպութեան կողմէ հռչակուած «Մանուկներու օր»ուան առիթով վեհափառին այցելեցին «Ծիածան» մանկապատանեկան թատերախումբի անդամները` գլխաւորութեամբ բեմադրիչ Յարութ Հարպոյեանին: Հանդիպումին ներկայ էր նաեւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան կիրակնօրեայ վարժարաններու վարիչ տնօրէն Ղեւոնդ վրդ. Բենդեզեան:
Արամ Ա.ին Վեհափառը գնահատեց անցնող չորս տարիներուն ընթացքին «Ծիածան» անունը կրող մանկապատանեկան թատերախումբին գործունէութիւնը: Ան յատկապէս իր ուրախութիւնը յայտնեց անցնող շաբաթներուն ընթացքին նոյն խումբին ներկայացուցած «Հայ մանուկին իրաւունքը» երգախառն թատրոնը: Վեհափառը` իբրեւ գործնական արտայայտութիւն հայ մանուկներուն նկատմամբ իր ունեցած սիրոյն ու հոգածութեան, որոշեց Կիրակնօրեայ վարժարաններու հովանաւորութիւնը շնորհել «Ծիածան» մանկապատանեկան թատերախումբին:
Յիշեցնենք որ «Հայ մանուկին իրաւունքը» երգախառն թատրոնը «Տի. Վի. Տի.»ի վրայ կարելի է ստանալ Անթիլիասի մայրավանքի գրախանութէն:







All the contents on this site are copyrighted ©.