2011-06-07 12:21:24

1400 Գնչուներ Կ՝ ընդունուին Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետէն։


Յառաջիկայ 11 Յունիսին` Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը ունկնդրութիւն պիտի շնորհէ 1400 գնչուներու՝ երանելի Սեֆերինօ Կիմերէս Մալլայի նահատակութեան մահուան 75րդ եւ ծննդեան 150րդ տարեդարձին առիթով, կը հաղորդագրէ գաղթականութեան ու փախստականներու հովուութեան քահանայապետական խորհուրդը, մատնանշելով թէ՝ Երանելի Սեֆերինօ սպանացի գնչու մըն է։
Այս առաջին անգամն է որ քահանայապետ մը ունկնդրութիւն կը շնորհէ գնչու հասարակութեան մը։ 1965Պօղոս Զ-ը հանդիպիում մը ունեցած էր գնչուներու փոքր խմբակի մը հետ իսկ երանելի ՅՊԲ 2000 ներողութիւն խնդրած էր գնչուներու դէմ գործադրուած արարքներուն համար։
Սեֆերինօ Կիմերէս Մալլայ երանելի հրչակուած է 1997 հանդիսանալով առաջին գնչու երանելին։ Ան նահատակուած է սպանական քաղաքային պատերազմի ընթացքին։
Ունկնդրութեան ընթացքին Լեհաստան, Աուշվից եւ Գերմանիա Պերեն-Պելսէն բանտերու մէջ վերապրող չորս գնչուներ իրենց վկայութիւնը պիտի տան ։








All the contents on this site are copyrighted ©.