2011-06-06 13:02:08

Վատիկանի Մամլոյ Գրասենեակի Յայտարարութիւնը Սրբազան Հօր Խրուաթիա Այցելութեան Մասին


Վատիկանի մամլոյ գրասենեակի տնօրէն՝ յիսուսեան հայր ֆետերիքօ Լոմբարտիի գնահատումով՝ Սրբազան Հօր ճամբորդութիւնը Խրուաթիա եղաւ յաջող ու բարեբեր ճամբորդութիւն մը՝ շնորհիւ՝ Ս. Աթոռի եւ Խրուաթիոյ միջեւ գոյութիւն ունեցող պատմական բարեկամութեան։
Սրբազան Քահանայապետը, ըսաւ հայր Լոմպարտին, շատ ուրախ էր որովհետեւ ջերմ ընդունելութիւն գտաւ թէ երկրի իշխանութիւններու կողմէ եւ թէ հաւատացեալներէն։ Վատիկանի բանբերը մատնանշեց թէ՝ աւելի քան 50 հազար երիտասատդներ մասնակցեցան աղօթքի հսկումին եւ աւելի քան 400 հազար հաւատացեալներ ներկայ գտնուեցան Ս. Պատարգին։ Նորին Սրբութիւնը շատ տպաւորուած մնաց ի տես երիտասարդներու ջերմ մասնակցութեան, մէկ կողմէն կողմէն աղօթքի մթնոլորտը, եւ ապա լռութիւնը Ամենասուրբ Հաղորդութեան երկիրպագութեան ընթացքին։ Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետի ճառերուն անդրադառնալով, հայր Լոմբարտին վերակոչեց գլխաւոր թեմաները. դաստիարակութիւնը, ընտանիքը եւ երիտասարդները, յիշեցնելով որ Նորին Սրբութիւնը վերակոչեց Խրուաթիոյ մուտքը Եւրոպայի միութեան հրաւիրելով խրուաթները լաւ ընտրութիւններ կատարելու, զատորոշելով բարին չարէն, աշխարհականացումով, ըսաւ Սրբազան Հայրը, կ'ուզեն բաժնել կրօնական արժէքները քաղաքական կեանքէն եւ խղճմտանքը որակելով որպէս լոկ ենթակայական։
Արդարեւ Սրբազան Քահանայապետը մայրաքաղաքի ձիարշաւարանը մատուցած պատարագին ընթացքին իր քարոզին մէջ ըսաւ. Այսօրուան ընկերութեան մէջ հարկաւորութիւնը կը զգացուի քրիստոնեայ ընտանիքին ներկայութեան։ Ցաւով ականատես ենք բազմաթիւ ընտանիքներու քայքայումին, մասնաւորապէս Եւրոպայի մէջ, որպէս հետեւանք աշխարհականացումին եւ հետեւաբար հեռացումը Աստուծմէ, ու անոր օրէնքներէն։ Քրիստոնեայ ընտանիքը կանչուած է հակազդելու այս մտայնութեան։ Եկեղեցւոյ խօսքին հետ միասին, հարկաւոր է քրիստոնեայ ընտանիքին վկայութիւնն ու յանձնառումը, մասնաւորապէս հաստատելու՝ կեանքի նուիրականութիւնը սաղմէն սկսեալ մինչեւ բնական մահը։
Սիրեցեալ ընտանիքներ, քաջ եղէք, տեղի մի տաք աշխարհականացած մտայնութեան, որ կը մերժէ ընտանեկան սրբութիւնը, ձեր կեանքի վկայութեամբ ցոյց տուէք մարդոց թէ կարելի է սիրել, Յիսուսի նման, առանց վերապահութեան։ Ցնծացէք ձեր մայրութեամբ ու հայրութեամբ։
Կեանքի բացուիլ կը նշանակէ ապագան վստահութեամբ դիմագրաւել։
Մեր Աղօթքը բարձրացնենք Տիրոջ, որպէսզի ընտանիքները միշտ աւելի դառնան առտնին եկեղեցիներ ու եկեղեցական հասարակութիւնները միշտ աւելի ընտանեկան դառնան։
Դէպի Հռոմ չմեկնած Նորին Սրբութիւնը ուզեց պահ մը աղօթել երանելի Ստեփինաչի գերեզմանին առջեւ, մեծարելու յիշատակը այս մեծ հերոսին որ արիութեամբ դիմադրեց՝ նախ նացիներուն եւ ապա համայնավարութեան։
Ան արդար պայքար մղեց հարստահարուած ու խտրականութեան զոհ մարդոց իրաւունքներու պաշտպանութեան ի խնդիր. եւ եղաւ համայնավար վարչաձեւին զոհ՝ առաջին նահատակ սուրբը ։
Հռոմի Ս. Հերոնիմոսի անուան եկեղեցւոյ մէջ արտասանած իր քարոզին մէջ, 15 փետրուար 1998ին, Նորին Սրբութիւնը որպէս հաւատոյ ժողովի կառավարիչ՝ գլխաւորած էր Կարտինալ Ստեփինաչի մահուան 100ամեակի ոգեկոչումը եւ հաստատած՝ որ Խրուաթիոյ այս մեծ եկեղեցականը, իր առաքելութեան ընթացքին, քաղաքականութեամբ չէ որ զբաղած էր,ան յարգած էր պետութիւնը, երբ իրապէս պետութիւն մը կար, եւ Նացիական տիրապետութեան ընթացքին ան հրեաներուն պաշտպանը հանդիսացաւ։ Ան որպէս հովիւ հրաւիրած է հաւատացեալները ունենալու քաջութիւնը, ընդդիմանալու՝ աշխարհին, երբ աշխարհը հակառակ է Աստուծոյ խօսքին։ Կարտինալ Ստեփինաչը եղաւ Աստուծոյ մարդը որ պաշտպանեց Աստուծոյ հետ ապրելու մարդու իրաւունքը եւ պաշտպանեց Աստուծոյ դերն ու տեղը երկրի վրայ։








All the contents on this site are copyrighted ©.