2011-06-06 13:04:35

Ողջերթի Արարողութիւն -


Ողջերթի արարողութեան Սրբազան Քահանայապետը ըսաւ. ՜՜ Իմ սիրալիր ողջոյնս կ'ուղղեմ այս երկրի բոլոր բնակիչներուն եւ յատկապէս կաթողիկէ հասարակութեան։ Աւելի քան 13 դարեր շարունակ ձեր երկիրը սերտ կապ ունի Ս. Աթոռին հետ։ Այս պատմութիւնը պերճախօս վկայութիւնն է ձեր ժողովուրդին ունեցած սիրոյն հանդէպ Աւետարանին ու Եկեղեցւոյ։
Հիմա որ կը պատրաստուիք անդամ դառնալ Եւրոպայի միութեան ձեր երկրին անցեալի ու ներկայի պատմութիւնը կարող է շատ բան սորվեցնել ցամաքամասի բոլոր ժողովուրդներուն, ինչպէս. ՜՜պահպանել եւ աշխուժացնել անգնահատելի ժառանգութիւնը եւրոպայի մարդկային ու քրիստոնէական արժէքներուն՝՝։ Մաղթանքս է որ աւանդութեամբ հարուստ ձեր ազգը կարողանայ նպաստել որպէսզի Եւրոպական Միութիւնը լիովին վերարժէքաւորէ այս մշակութային ու հոգեւոր հարստութիւնը։՝՝
Հուսկ Նորին Սրբութիւնը իր խօսքը եզրափակեց ըսելով. ՜՜Հռոմ վերադառնալով ձեզ կը յանձնեմ Ամենախնամ Աստուծոյ` ամենայն բարեաց պարգեւատուն։ Թող Ան միշտ օրհնէ այս հողը եւ Խրուաթ ժողովուրդը եւ ամէն մէկ ընտանիքին պարգեւէ խաղաղութիւն, բարօրութիւն եւ առողջութիւն։








All the contents on this site are copyrighted ©.