2011-06-06 13:12:33

Հայ -Վրացական Միջ- Խորհրդարանական Յանձնախումբը Քննարկեց Իր Գործունէութիւնը։


Տաւուշի մարզի Իջեւան քաղաքին մէջ անցեալ շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ Հայաստանի եւ Վրաստանի խորհրդարաններու միջեւ համագործակցութեան միջխորհրդարանական յանձնախումբի համանախագահներ, Հայաստանի Ազգային ժողովի փոխնախագահ Սամուէլ Բալասանեանի եւ Վրաստանի խորհրդարանի փոխնախագահ Միխայիլ Մաչավարիանիի գլխաւորած պատուիրակութիւններու աշխատանքային հանդիպումը:
Հանդիպման ընթացքին կողմերը քննարկած են համագործակցութեան միջխորհրդարանական յանձնախումբի գործունէութեան վերաբերող շարք մը հարցեր, կարեւոր նկատած աշխատանքներու արդիւնաւէտութեան բարձրացման անհրաժեշտութիւնը, շեշտած երկու երկիրներու խորհրդարաններուն միջեւ փոխադարձ գործակցութեան աշխուժացման եւ զարգացման կարեւորութիւնը, հուսկ անդրադարձած են երկկողմանի հետաքրքրութիւն ներկայացնող այլ հարցերու եւս:








All the contents on this site are copyrighted ©.