2011-06-06 13:03:35

Խրուաթիոյ Մամուլը Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետի Այցելութեան առթիւ։


Խրուաթիոյ թերթերը այս օրերուն մասնաւորապէս կեդրոնացան Սրբազան Հօր յայտարարութեան Բ. աշխարհամարտի ուսթաքիներու մասին, ան բացայայտօրէն դատապարտեց ուսթաք վարչաձեւը որ գործեց ի սպաս Հիթլերի, եւ մատնանշեց նահատակ կարտինալ Ստեփինաչի դերը հալածանքի այդ տարիներուն։
Մամուլը գրելով երիտասարդներու հետ հանդիպումին մասին՝ կը մէջբերէ Սրբազան Հօր խօսքը. ''ձեզ կ'ողջագուրեմ որպէս իմ հարազատ զաւակները''։
Հուսկ մամուլը մասնաւորապէս կ'ընդգծէ Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետի նեցուկը ի նպաստ Խրուաթիոյ Եւրոպայի միութեան մուտքին. ''Ձեր ժողովուրդը սկիզբէն կը պատկանի Եւրոպայի''.
Ազգային հեռուստատեսիլը իր կարգին, շատ դրական կերպով արտայայտուեցաւ Սրբազան Հօր ներկայութեան Խրուաթիա. ըսելով. ''զանգուած մը կը սպասէ Հռոմի Պապին''։ ''Երիտասարդները Զակրեպի սիրտը դարձուցին տաճար''







All the contents on this site are copyrighted ©.