Դեսպան Մարի Եովանովիչ Կ՛ողջունէ Հայաստանի Ներքաղաքական Վերջին Զարգացումները։
Հայաստանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Մարի Եովանովիչ «շատ դրական» ըլլալով գնահատած
է 1 մարտի իրադարձութիւններուն առնչութեամբ ազատազրկուած ընդդիմադիրները ազատ արձակելու
փաստը: Հայաստանի մէջ իր առաքելութիւնը աւարտող` Միացեալ Նահանգներու արտակարգ եւ
լիազօր դեսպան Մարի Եովանովիչ «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանին տուած հարցազրոյցի
ընթացքին ողջունեց Հայաստանի ներքաղաքական կեանքին մէջ գոյութիւն ունեցող վերջին միտումները: Եովանովիչ
նշեց, որ կարեւոր է ընդդիմութեան եւ իշխանութիւններուն միջեւ երկխօսութեան թափանցիկ ու
կառուցողական ըլլալը եւ այս ամէնը շատ ոգեւորիչ է: Ասիկա մեծ կարելիութիւններ կը բանայ
հայաստանցիներուն համար` յատկապէս նկատի առնելով, որ նախընտրական շրջանը կը մօտենայ: Դեսպանը
ողջունեց նաեւ 2008-ի մարտեան իրադարձութիւններու հետաքննութեան վերսկսումը: Դեսպանը
յայտնեց, որ 1 մարտի հարցերով բանտարկեալներու ազատ արձակումը եւ այդ գործով հետաքննութեան
վերսկսումը շատ կարեւոր է նաեւ այն առումով, որ ատիկա մարդոց կարելիութիւն պիտի տայ անընդհատ
դէպի ետեւ` մարտեան ժամանակահատուածին նայելու փոխարէն առջեւ նայելու, պատրաստուելով
խորհրդարանական եւ նախագահական ընտրութիւններուն: Նշենք որ ,Դեսպան Եովանովիչ յունիսին
կ՛աւարտէ իր եռամեայ դիւանագիտական առաքելութիւնը Հայաստանի մէջ եւ պիտի վերադառնայ Ուաշինկթըն`
ստանձնելու արտաքին գործոց նախարարի հիւսիսային եւ կեդրոնական Եւրոպայի հարցերով փոխ-տեղակալի
պաշտօնը: