2011-06-05 10:47:53

Սպանիոյ Նոր Երանելին։Աստուծոյ Ծառայ Խուան Տէ Բալաֆոքս Մէնտօզա։


Կիրակի 5 Յունիս,Օսմա-ի ՝՝Էլ Պուրկօ՝՝ անուան Աթոռանիստ Եկեղեցւոյ մէջ կայացած Երանացման Հանդիսաւոր արարողութեան իրենց մասնակցութիւնը բերին բազմաթիւ եպիսկոպոսներ եւ կարդինալներ,ընդ որս Օսմա-Սորիա թեմի Եպիսկոպոսը Գերապայծառ Ճէրարտօ Վիչիօզա եւ Բուէպլայի Մէէսիքոյի Արքեպիսկոպոսը Գերապայծառ Վիկտոր Էսբինօզա։ Ծիսական արարողութիւնը գլխաւորեց Կարտինալ Անճէլօ Ամաթօ Սուրբերու Դատի Ժողովի Կառավարիչը ,միաժամանակ Սրբազան Հօր Պատգամաւորը երանացման այս արարողութեան։
Աստուծոյ Ծառայ Խուան Մէնտոզա կը ծնի Նավարրա 24 Յունիս 1600ին,ոչ-ամուսնացեալ զոյգէ մը,եւ մօրը խնդրանքովը փոքրիկն Խուան կողովի մը մէջ դրուելով կը լքուի հնորեայ ջերմուկներու մօտերը , ուր տեղւոյն պահակը կը ստանձնէ անոր հոգածութիւնը,խնամելով փոքրիկը հայրական գուրգուրանքով յառաջիկայ ինը տարիներու ընթացքին ։ Երախային մայրը Անա Տէ Գազանաթէ 1602ին մուտք գործած է Փոկոտն Կարմեղեաններու միաբանութիւնը ,իսկ հայրը Կղեմէս Ը.ի սպասաւորը ,1609-կը ճանչնայ փոքրիկը՝ որպէս իր որդին ։
Խուան կը յաճախէ Թարազոնայի Յիսուսեաններու վարժարանը եւ Ալքալա Տէ Հէնարէսի ու Սալամանքայի համալսարանները. 1626ին ծանօթանալով Սպանիոյ Թագաւոր ֆիլիբ Դ.ի նախասիրած անձը Օլիվարէսի (Դուքս) Կոմսը որ իրեն կուտայ պաշտօն՝ Պատերազմի Խորհուրդին մէջ. Փոխադրուելով Մատրիտ արմատական ապաշխարութեան մը պահանջքը կը զգայ իր մէջ,ուղղուելով դէպի քահանայական կեանք։ 1629ին քահանայ կը ձեռնադրուի եւ յաջորդ երկու տարիները կը շրջի Եւրոպան որպէս սպանացի դիաւանգէտ ։
1639-ին կ՝անուանուի Սպանիոյ Թագաւորի կողմէ Եպիսկոպոս Մէսսիքոյի մէջ,եւ որպէս Եպիսկոպոս Բուէպլայի ուր կը մնայ 1640էն մինչեւ 1655 հիմնած է Սրբուհի Ինէսի անուան Վանքը, հաստատած է Սան Խուան-ի Դպրեվանքը, հիմնած է նաեւ Սուրբ Պետրոս ու Պողոս առաքելապետերու անունը կրող Վարժարանները միաժամանակ կառուցելով Աթոռանիստ Եկեղեցին որու օծումը կը կատարուի 1649-ին։ Նշանաւոր է նաեւ Բուէպլայի իր անունը կրող Մտենադարանը։
Որպէս Եպիսկոպոս Խուան Մէնտոզա մեծ ջանք թափած եւ աշխատած է պաշտպանելու համար տեղացիները այն է ՝՝Ինտիոսներ՝՝ը Սպանացիներու դաժանութիւններէն,ուստի յետագային հարցեր ունեցաւ Յիսուսեան կրօնաւորներու հետ,որոնք յաջողեցան զինք տեղափոխել Հին Գասթիլիայի Օսմա-Սորիա փոքր թեմը ,եւ ուր վախճանեցաւ 1659-ին ,սրբութեան համբաւով։








All the contents on this site are copyrighted ©.