2011-06-05 10:47:34

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը Զաղրէպի մէջ
Խրուաթ Երիտասարդներու հետ Հսկումի Աղօթք ։


Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը շաբաթ 4 յունիսի երեկոյան Եոզիբ Եէլաչիչի անուան հրապարակի վրայ խրուաթ երիտասարդութեան հետ միասին մասնակցեցաւ հսկումի աղօթքին որուն ընթացքին Նորին Սրբութիւնը իր արտասանած խօսքին մէջ, յորդորեց զանոնք խուսաբելու՝ աշխարհի դիւրամատչելի յաջողութեան խոստումներու հրապոյրներէն, եւ փնտռել իսկական ճշմարտութիւնը զոր Քրիստոս մեզի ցոյց կու տայ։
Սրբազան Քահանայապետը դիմաւորեցին աւելի քան 50 հազար երիտասարդներ որոնք անձրեւի տակ թափօրով առաջնորդած էին Զակապրիոյ Պաշտպան Տիրամօր Հրաշագործ Պատկերը որ կը կոչուի ՜՜ Քարէ դուռի Տիրամայր՝՝։
Իր ճառին մէջ Սրբազան Հայրը շնորհակալութիւն յայտնեց Խրուաթիոյ Եպիսկոպոսաց Համահաւաք դասի Նախագահ՝ Գերապայծառ Զրագիչին, ինչպէս նաեւ՝ երկու երիտասարդներուն, որոնք խօսած էին՝ իրենց քրիստոսնէական կեանքի վկայութեան մասին ։ Նորին Սրբութիւնը ապա մեկնաբանեց Սուրբ Պօղոսի Փիլիպպեցիներու ուղղած թուղթէն համարներ, ուր Պօղոս առաքեալը կը հրաւիրէ <<ուրախ ըլլալու Տիրոջ մէջ>>։ Ապա Պենետիկտոս ԺԶ. ըսաւ որ՝ ժամանակն է ըմբռնելու մարդկային գոյութեան նշանակութիւնը ու հրաւիրեց երիտասարդները որ չապրին ինչքեր դիզելու յոյսով, մոռնալով՝ ճշմարտութեան իսկական իմաստը որ աւելի վեր է եւ կը փայլի որպէս աստղ մը երկնքի մէջ, ուր Քրիստոսը կ՛ուզէ մեզ առաջնորդել ։
Պենետիկսոս ԺԶ Քահանայապետը ապա անդրադարձաւ յառաջիկայ օգոստոս ամսուայ ընթացքին Մատրիտի մէջ կայանալիք երիտասարդութեան համաշխարհային օրուայ նիւթին <<Արմատացած ի Քրիստոս, հաստատուած հաւատքի մէջ>>։ Սրբազան հայրը ըսաւ <<Անոր հետ - այսինքն Քրիստոսի հետ - քալելը անձնական յանձնառութիւն եւ զոհողութիւն կը պահանջէ, բայց ի վերջոյ կ՛արժէ այս քայլը առնել>> ու աւելցուց Միայն Յիսուսը սիրելով կ՛իրագործուի իսկական ուրախութիւնը։
Հուսկ Պենետիկտոս ԺԶ. նշեց երիտասարդ սուրբերու օրինակը, ինչպէս Ասսիզիի Սրբուհի Պայծառը,(սանթա Գիարան) Վիթէրպոյի Սրբուհի Վարդենին (սանթա Րօզան,ու նաեւ Տօմէնիգօ Սավիոն, եւ կեդրոնացաւ խրուաթ երիտասարդ երանելի Իվան Մերցի օրինակին վրայ, ու անոր սրբակեաց կեանքին ու քաջութեան, հետեւելու՝ Քրիստոսի որ 1928ի մայիս 10ին ` 32 տարեկանին հիւանդութեան պատճառաւ մահացած էր ունենալով իր կեանքի ընթացքին այս կէտնպատակը՝ ՜՜ապրիլ եւ ապրեցնել Քրիստոսի հետ բարեկամութիւնը՝՝։
Եզրափակելով իր խօսքը Սրբազան Քահանայապետը երիտասարդները յանձնեց Եկեղեցւոյ Մայր` ՜՜Քարէ Դուռի Տիրամօր՝՝ հովանիին։








All the contents on this site are copyrighted ©.