2011-06-05 10:47:41

Առանց Աստուծոյ հանդէպ բաց խղճի մըԵւրոպան ենթարկուած է յետադիմութեան. ըսաւ Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը


Շաբաթ 4 յունիսի յետ միջօրէին երիտասարդներու հետ աղօթքի հսկումէն առաջ Սրբազան Քահանայապետը հանդիպում ունեցած էր ընկերային, քաղաքական, ակադեմական, եւ մշակոյթի ներկայացուցիչներու հետ, ինչպէս նաեւ գործատէրերու, դիւանագիտական մարմնի եւ կրօնական պետերու հետ։ Անոնց արատասանած իր ճառին մէջ Նորին Սրբութիւնը կեդրոնացաւ Եւրոպայի Քրիստոնէական արմատներու մվրայ ու թէ ինչպէս այս արմատներու վրայ է որ կը հիմնուի Եւրոպայի ապագան։ Ան խօսեցաւ նաեւ կրօնքի կարեւորութեան մասին հաստատելով թէ կրօնը առանձնական երեւոյթ մը չէ այլ իսկական մաս կը կազմէ ընկերային եւ հասարակաց կեանքին։ Կրօնը կը ձգտի խաղաղութեան։ Առանց Աստուծոյ հանդէպ բաց խղճի մը, ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը, Եւրոպան ենթարկուած է յետադիմութեան







All the contents on this site are copyrighted ©.