2011-06-04 12:09:25

Քահանայական Ձեռնադրութիւն Մայր Աթոռ Ս Էջմիածնի Մէջ։


Հինգշաբթի 2 Յունիսին, Փրկչի Համբարձման տօնին օրը, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ, Յովակիմ եպիսկոպոս Մանուկեան կատարեց քահանայական ձեռնադրութիւն եւ օծում՝ եօթ սարկաւաներուն։
Ս. միւռոնով օծելէ ետք նորընծաներու ճակատներն ու ձեռքերը՝ անոնց շնորհեց հոգեւոր նոր անուններ։
Պատարագի ընթացքին կատարեց ձեռնադրութեան կարգը՝ եւ այս առթիւ քարոզ մը արտասանեց որուն մէջ ըսաւ. ՜՜ Այսօր ծնուեցին եօթ սպասաւորներ մեր Ս Եկեղեցու։ Նրանք դարձան քահանաներ եւ Աստծոյ հոգին՝ ս. միւռոնի դրոշմամբ, իջաւ նրանց վրայ։ Նրանք կոչուեցին ծառայելու, Ս Գիրքը քարոզելու, օժանդակելու բոլոր կարօտեալներին, մարդկանց մէջ սէրը զօրացնելու եւ դառնալու աղն ու լոյսն այս աշխարհի, որի մասին մեր Տէր Յիսուս Քրիստոս խօսում է Աւետարանում՝՝։
Իր քարոզին մէջ Յովակիմ Սրբազանը նաեւ անդրադարձաւ եկեղեցականի կոչումին եւ կարեւոր առաքելութեան՝ պատգամելով քահանաներուն իրենց հետագայ ծառայութեան վայրերու մէջ ամրապնդել հայորդիներու հաւատը, վառ պահել անոնց սրտին մէջ սէրը մեր Եկեղեցւոյ հանդէպ, սէրը ազգային արժէքներու ու աւանդոյթներու հանդէպ։
Համբարձման տօնին, Հայ Առաքելական Եկեղեցին կը տօնախմբէ նաեւ 1441-տարեդարձը Հայոց Հայրապետական Աթոռի՝ Սիսէն Ս. Էջմիածին փոխադրութեան յիշատակը։ Այս առիթով Ս Պատարագի ընթացքին, հանդիսապետութեամբ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի, կատարուեցաւ Հայրապետական մաղթանք։ Հոգեւորականաց դասը եւ ներկայ ժողովուրդը աղօթք բարձրացուցին առ Աստուած՝ Ս Աթոռի անսասանութեան եւ պայծառութեան համար։








All the contents on this site are copyrighted ©.