2011-06-04 11:58:05

Վատիկանը Հրեայ Եւ Պաղեստինեան Ընդհարումի Համար Արդար Եւ Մնայուն Լուծում Մը Կը Պահանջէ ։


Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին հետ առանձնական հանդիպում ունենալէ ետք, Մահմուտ Ապպաս`նախագահը պաղետինեան ազգային իշխանութեան, յաջորդաբար հանդիպում ունեցաւ Ս. Աթոռի Պետական քարտուղար կարտինալ Պերթոնէի եւ արտգործ նախարար գերապայծառ Մամպերթիի հետ։
Սիրալիր հանդիպումներու ընթացքին ընդգծուեցաւ անհրաժեշտութիւնը վերջնական լուծում գտնելու հրեայ պաղեստինեան ընդհարումին, երկու երկիրներուն երաշխաւորելու համար ամէն անհատի իրաւունքի յարգանքը եւ իրականացումը երկու ժողովուրդներու արդար ձգտումներուն։ Վատիկանը եւ Պաղեստինը միացեալ յայտարարութեամբ կը շեշտեն հարկաւորութիւնը՝ երաշխաւորել երկու պետութիւններու անվտանգութիւնն ու խաղաղութիւնը միջազգայնօրէն ճանչցուած սահմաններու ներքեւ։
Նոյնպէս անդրադարձ եղաւ Ս. Երկրի բնակչութեան դժուար կացութեան։
Երկու յունիսին` Իսրայէլի եւ Պաղեստինի երկու նախագահները իրարու հետ հակիրճ հանդիպում մը ունեցան Հռոմի մէջ Իտալիոյ Միութեան 150-րդ տարեդարձի տօնախմբութեան ծիրէն ներս։
Նոյն օրը Սրբազան Քահանայապետը ընդունեց ԱՄՆի փոխ նախագահ Ճիօ Պիտէն, որ առաջին անգամն է որ կ՝այցելէ Վատիկանը։








All the contents on this site are copyrighted ©.