2011-06-04 11:59:46

Յունական Կիպրոսի Հայ Համայնքի Ուխտագնացութիւնը՝Մակարավանք։


Չորս տարիէ ի վեր Մայիս ամուսայ առաջին Կիրակին, Յունական Կիպրոսի հայ համայնքը ուխտագնացութիւն կը կազմակերպէ դէպի Մակարավանք հոգեւոր արարողութեան մասնակցելու համար։
1974-էն սկսեալ երկար տարիներ հայեր չէին կրնար Մակարավանք այցելել։ Միայն 2004-էն ետք,երբ բացուեցան Կիպրոսի երկու բաժիններու սահմանները,հայեր կարելիութիւն ստացան վերսկսելու Մակարավանքի տարեկան ուխտագնացութեան։
Երկար տարիներու ընդմիջումէն ետք,առաջին անգամ ըլլալով 2007-ին, 250 ուխտագնացներ մեկնեցան Մակարավանք՝վանքը գտնելով ոչ թէ կիսաւեր,այլ ամբողջութեամբ աւերակ դարձած տխուր վիճակի մը մէջ։
Ուխտագնացներու չորրորդ խումբը այս տարի Մակարավանք հասաւ Կիպրահայոց կաթողիկոսական Փոխանորդ՝Վարուժան Արք.Հէրկէլեանի հետ. Վանքի աւերակներու մօտ Վարուժան Սրբազան իրականացուց հոգեւոր արարողութիւն եւ աւերակներու մէջ կրկին հնչեց հայկական ՝՝Սուրբ Սուրբ՝՝ը։ Յիշեցնենք որ կարգ մը աղբիւրներու համաձայն, Մակարավանքը հիմնուած է 11-րդ դարուն,սակայն կան նաեւ տուեալներ որ վանքը հիմնուած է 6-րդ դարուն։ Օսմանեան տիրապետութեան շրջանին վանքը յայտնի էր Կապոյտ Վանք անունով, դռներու եւ պատուհաններու վառ կապոյտ գունաւորման պատճառով։ 1974-էն ետք թրքական բաժնին մէջ մնացած է ոչ միայն Մակարավանքը այլ նաեւ ամբողջ հայկական թաղամաս մը։
ՄԱԿ-ի Զարգացման Ծրագրով առաջարկուած է այժմ վերանորոգել պատմական այս ամբողջ շրջանը,սկսելով Սուրբ Աստուածածին Եկեղեցիէն որ կառուցուած է Լուսինեաններու շրջանին,14րդ դարասկիզբին։ Եկեղեցւոյ վերականգնումի առընթեր կը նախատեսուի վերակառուցանել թաղի հայկական Վարժարանները,Առաջնորդարանը ու Մայրապետանոցը։








All the contents on this site are copyrighted ©.