2011-06-03 13:32:55

Նախագահ Սերժ Սարգսեան Հռոմի մէջ Ներկայ Գտնուեցաւ Իտալիոյ Հանրապետութեան 2 Յունիսի Տօնակատարութեանց որ Այս Տարի Զուգադիպեցաւ՝ Իտալիոյ Միացման 150-ամեայ Տարեդարձին։


Իտալիոյ նախագահ Ճորճիօ Նափոլիթանոյի հրաւէրով` Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան ու իր գլխաւորած Պատուիրակութիւնը առջի օր ժամանեցին Հռոմ : Նախագահը ներկայ եղաւ 2 Յունիսին կայացած Իտալիոյ Հանրապետութեան տօնին նուիրուած փառահեղ տողանցքին Հռոմի կեդրոնը՝՝ ֆորի Իմբէրիալի՝՝ պատմական պողոտայի վրայ Ռուսիոյ Վարչապետ Մետվէտէվի գով տեղ գրաւած։ Պաշտօնական պատուիրակութիւններու ղեկավարները ինչպէս նաեւ Իտալիոյ մօտ Հայաստանի Դեսպան Տիար Ռուբեն Կարապետեան եւ Հայաստանի Պատուիրակութիւնը ներկայ գտնուեցան զինուորական տողանցքին, իսկ երեկոյեան «Քուիրինալէ» Իտալիոյ Հանրապետութեան Նախագահի պալատին մէջ անոնք ունկնդրեցին տօնական համերգը:
Աւարտելով Իտալիա այցելութիւնը` նախագահ Սերժ Սարգսեանի գլխաւորած պատուիրակութիւնը այսօր Հռոմէն մեկնեցաւ Երեւան ։








All the contents on this site are copyrighted ©.