2011-06-03 13:22:15

Միջին Արեւելքի Եպիկոպոսներու Յանձնարարութիւնը Արաբական Երկիրներու Ղեկավարներուն <<Մարդկային Իրաւունքներու Դրժումի Դիմաց>>։


Անցեալ 27 մայիսի յայտարարութեամբ՝ Միջին Արեւելքի Սիւնոդոսի յատուկ յանձնախումբը, արձագանգելով՝ Միջին Արեւելքի Ժողովուրդի յոյսերն ու մտահոգութիւնները, կոչ ուղղած է << ազգային ու միջազգային քաղաքական ներկայացուցիչներուն, ստանձնելու՝ իրենց պատասխանատուութիւնը ի տես մարդկային իրաւունքներու դրժումին>>։
Նշենք թէ անցեալ 17 եւ 18 մայիսին, Հռոմի մէջ տեղի ունեցաւ միջին արեւելքի յետ սիւնոդոսի յատուկ խորհուրդի չորրորդ հաւաքը։ Նիստին մասնակցեցաւ նաեւ Բերիոյ թեմի Կաթողիկէ Հայոց առաջնորդը՝ Արհիապատիւ Պետրոս Արք. Միրիաթեան։ Ժողովականները ապա անհրաժեշտ նկատած են որ <<քաղաքական ղեկավարները հաւասար իրաւունքներ ապահովեն բոլոր քաղաքացիներուն, անկախ իրենց կրօնական մշակութային կամ ցեղային պատկանելիութենէն>>։ Միջին Արեւելքի Եպիկոպոսները նաեւ հաստատած են թէ ՜՜կրօններու միջեւ համակեցութիւնը էական է զարգացնելու՝ բնակիչներուն հանդրժողութիւնն եւ ճանաչումը իրարու հանդէպ, ու խաղաղ եւ պտղաբեր կապեր հաստատելու իրենց միջեւ՝՝։ Այս չորրորդ հաւաքին ընդացքին, միջին արեւելքի յետ սիւնոդոսի յատուկ խորհուրդի աշխատանքը կեդրոնացած է՝ Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետի Առաքելական Յորդորագիրի շարադրութեան։








All the contents on this site are copyrighted ©.