2011-06-03 13:21:53

Եւրոպայի Քրիստոնէական Արմատները Եւ Ընտանիքը Առանցքը Կը Կազմեն Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետի Խրուաթիա Առաքելական Ճամբորդութեան։


Իր 19-րդ առաքելական ճամբորդութեան ընթացքին, Սրբազան Քահանայապետը առաջին անգամուան համար ոտք կը դնէ Պալքանեան հողին վրայ։ Խրուաթեան 2011ին կը տօնախմբէ Եուկոսլավիայէն իր անկախութեան 20-րդ տարեդարձը։ Սրբազան Քահանայապետին հանդիպումը դիւանագիտական մարմնին, կրօներու պատասխանատուներու եւ ընկերութեան ներկայացուցիչներու հետ, մայրաքաղաքի ազգային թատերասրահին մէջ, կը հանդիսանայ իր ճամբորդութեան գլխաւոր հանդիպումներէն մէկը։Այդ առթիւ Նորին Սրբութիւնը կը հրաւիրէ Խրիուաթիան, որ կը պատրաստուի անդամ դառնալ Եւրոպայի միութեան, պաշտպանը հանդիսանալու՝ Եւրոպայի քրիստոնէական արմատներուն։Նշենք թէ Սրբազան Հայրը Խրուաթիա կը հասնի տօնախմբելու ընտանիքի ազգային օրը։







All the contents on this site are copyrighted ©.