2011-06-03 12:46:41

«Տիրամայր Հայաստանի» Երգչախումբի Ելոյթը Փարիզի Մէջ


Շաբաթ, 30 ապրիլ (2011-)ի՝ երեկոյեան, Փարիզի հայ կաթողիկէ սուրբ Խաչ եկեղեցւոյ մէջ ելոյթ ունեցաւ «Տիրամայր Հայաստանի» երգչախումբը, ղեկավարութեամբ Ռոպերթ Մլքէեանի։ «Տիրամայր Հայաստանի» երգչախումբը կազմուած է Հայաստանի մէջ Անարատ Յղութեան հայ քոյրերու Պօղոսեան կրթահամալիրի երախաներէ եւ համալրուած է նաեւ Գիւմրիի երաժշտական դպրոցներէ շնորհալի եւ օժտեալ աշակերտներով։
Ելոյթին ընթացքին, երգչախումբը կատարեց Դելլալեանի «լռութեան վայրկեան» Requiem Cantate-ի մեկնաբանութիւնը՝ նուիրուած Հայոց Ցեղասպանութեան եւ Կոմիտասի «Կանչէ Կռունկ»-ը՝ երգեցողութեամբ Աննա Ավդալեանի եւ միւս մենակատարներուն, որոնք յուզեցին ներկայ մեծ ամփոխը։









All the contents on this site are copyrighted ©.