2011-06-02 12:57:24

ՄԱԿ-ի Ընդհանուր Քարտուղարը Կոչ Կ՛ուղղէ Լեռնային Ղարաբաղի Տագնապը Շուտափոյթ Լուծելու


Ազրպէյճանական լրատուամիջոցները` վկայակոչելով երկրի արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ ծառայութիւնը, կը յայտնեն որ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Պան Քի Մուն կոչ ուղղած է Լեռնային Ղարաբաղի տագնապը շուտափոյթ լուծելու:
«Անհրաժեշտ է ղարաբաղեան տագնապի  շուտափոյթ խաղաղ լուծում, եւ այդ ուղղութեամբ արդիւնքներ կ՛ակնկալուին», ըսած է ան:
Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարը ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարին ղարաբաղեան տագնապի լուծման բանակցային հոլովոյթին մասին տեղեկութիւններ փոխանցած է:
Յիշեցնենք որ այսօր 2 Յունիս Իտալիոյ Հանրապետութեան Տօնի առիթով Պան Քի Քուն կը գտնուի Հռոմ,ինչպէս նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան Նախագահ Սերժ Սարգսեանի գլխաւորած Պատուիրակութիւնը։







All the contents on this site are copyrighted ©.