2011-06-02 12:14:30

Գերապայծառ Լահհամի Իսլամներու Մասին Միջամտութիւնը Եւրոպայի Եպիսկոպոսներու Առջեւ։


Եւրոպայի եպիսկոպոսաց խորհուրդի՝ իսլամներու հետ կապի պատասխանատուները խորհրդաժողով կը գումարեն, 31 մայիսէն 2 յունիս, Իտալիոյ Թորինօ քաղաքին մէջ։ Չորեքշաբթի մէկ յունիսին՝ Թիւնիզի առաջնորդը գերապայծառ Լահհամ իր կատարած միջամտութեան ընթացքին մատնանշեց թէ իսլամ-քրիստոնեայ երկխօսութեան նախաձեռնութիւնները բազմացած են ու գերազանցած՝ վախի ու տարակոյսի նախապաշարումները։ Ապա Թիւնիզի առաջնորդը ցաւով յայտնեց թէ այդ երեք հաստատութիւնները` ընտանիքը, դպրոցը եւ մզկիթը որ դաստիարակիչի դերն ունին անհատ մահմետականին վրայ, ոչ մէկ աշխատանք կը տանին կրթելու մահմտականը համակեցութեան՝ իսլամի եւ քրիստոնեայի միջեւ։ Գերապայծառ Լահհամ իր խօսքին աւարտին ընդգծեց թէ՝ արաբ քրիստոնեաներուն առաքելութիւնն է ապրիլ իրենց մահմետական եղբայրներուն հետ բարեկամական կապեր հաստատելով ու միասնաբար գործելով խաղաղութեան հաստատումին ի խնդիր։ Իսկ իսլամ պատասխանատուններու պարտականութիւնն է՝ բարձրաձայն հաստատել թէ կարելի չէ ըմբռնել արաբ իսլամ ընկերութիւն մը առանց արաբ քրիստոնեաներու։








All the contents on this site are copyrighted ©.