2011-06-02 13:00:19

25 միլիոն տոլար պիտի յատկացուի Հայաստանի Աթոմակայանի Անվտանգութեան
Մակարդակի Բարձրացման Համար ։


1995 թուականէն սկսեալ՝ հայկական աթոմային ելեկտրակայանէն ներս անվտանգութեան մակարդակի բարձրացման համար յատկացուած է 130 միլիոն տոլար: Ինչպէս «Արմենփրես»-ին տեղեկացուցին ՀՀ Ուժանիւթի եւ Բնական Պաշարներու Նախարարութենէն, այդ հարցին մէջ Հայաստանին օժանդակած են Ամերիկայի Միացեալ Նահանգները՝ 60 մլն տոլարով, Եւրամիութիւնը՝ 26 միլիոն տոլարով (յառաջիկայ 1-2 տարիներու ընթացքին ԵՄ-ն պիտի յատկացնէ 10 միլիոն տոլար եւս ), Ռուսաստանը՝ 7,7 միլիոն տոլար (ՌԴ-ն յառաջիկային 2,5 միլիոն տոլար եւս պիտի յատկացնէ): Հայաստանին աջակցած են նաեւ Ֆրանսան, Մեծն Բրիտանիան, ՄԱԳԱՏԷ-ն եւ Չեխիան: Յառաջիկայ 2 տարիներուն ընթացքին հայկական աթոմային ելեկտրակայանի անվտանգութեան մակարդակի բարձրացման համար պիտի յատկացուի 25 միլիիոն տոլար եւս: Արդէն իսկ ներդրուած 130 միլիոն տոլարին մէջ ներառուած է ՀԱԷԿ-ի սեփական միջոցներով յատկացուած 15 միլիոն տոլարը








All the contents on this site are copyrighted ©.